Հայերէն «Հարկաւ» պարբերականի 3րդ թիւը լոյս տեսաւ Դեկտեմբերին, Պոլսոյ մէջ։
«Եսայեան» մշակոյթի եւ գրականութեան միութեան «Հարկաւ»ը ընթերցողին կը հրամցնէ զանազան ոճերու արտադրութիւններ։
Վերնագիրին տակ կը տեսնենք «ֆանզին» գրութիւնը, որ զանազան լեզուներով կը նշանակէ «ոչ պաշտօնական հրատարակութիւն»։
Պարբերականը կը բովանդակէ պատմուածքներ, տարբեր գրութիւններ, մէջբերումներ, գծագրութիւններ, աշխատանոցներու շնորհիւ ստեղծուած արտադրանքներ, կտրօններ, մտածումներ, լուսանկարներ եւ զանազան այլ համադրումներ։
«Հարկաւ»ը կոչ կ՛ընէ ընթերցողին, որ եթէ կը փափաքի իր արտադրութիւնները հրատարակել՝ նիւթերը կրնայ ուղարկել հետեւեալ հասցէին ՝ contact@yesayan.org։
Լուրը՝ «Ակօս»էն