Պոլսոյ մէջ երէկ եզրափակուեցան համայնքային (Վագըֆներու) ընտրութիւնները։ Ամենակարեւոր շրջան համարուող Պէյօղլու շրջանին շուրջ բացուած մեծ պայքարը իր լրումին հասաւ պոլսահայ գործիչ Աքսել Թօփալեանի ու նաեւ Խաչիկ Ճանէլի գլխաւորած «Լուսաւոր ապագայ»ն, որ կը ներկայացուցէր սպիտակ գոյնով։Նշենք նաեւ, որ այս ընտրութիւններուն (յատկապէս Պէյօղլուի համար) համայնքային շրջանակներ կարեւոր ճիգ գործադրեցին պարտութեան մատնելու համար երկար տարիներ Պէյօղլուի վագըֆը իր ձեռքերուն պահած փաստաբան ՝ Սիմոն Չէքէմը։ Դարձեալ ըստ պոլսահայ շրջանակներու եղած յաղթանակը մեծ հաշուով լաւատեսութիւն կը ներշնչէ բոլոր առումներով, ու նաեւ յոյսի դուռ մը կը բանայ համայնքի ծանրաբեռնուած առօրեային եւ առկայ հոգսերուն տեսակէտէն։
Երէկուան ընտրութիւններուն մասին կարեւոր անդրադարձ մը կատարած է «Ժամանակ» օրաթերթը, ուրկէ ալ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք ներկայացուած լրատւութեան կարեւոր մասը։
Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութեան տրամադրութիւններուն հիման վրայ տակաւին անցեալ տարի սկսած ընտրական գործընթացը այսպէսով թրքահայութեան պարագային եզրափակուեցաւ վերջնականօրէն։ Ինչպէս ծանօթ է, նոր կանոնադրութեան ընդունուելէն վերջ, անցեալ տարեվերջին արդէն մեր համայնքային բոլոր կառոյցներուն մատակարար մարմիններու կազմերը վերանորոգուած էին։ Միայն մնացած էր Պէյօղլուի թաղային խորհուրդի պարագան, որովհետեւ մետասաներորդ պահուն Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան տեղին միջամտութեամբ այդ ընտրութիւնները յետաձգուած էին. երեւոյթ մը, որու պատճառները արդէն բոլորին ծանօթ են։ Բարեբախտաբար, ընտրութիւններու յետաձգումէն վերջ, շատ տրամաբանական ժամկէտի մը ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին ընտրութիւնը։ Ատենապետ Խաչիկ Սարըլըի կողմէ գլխաւորուած ընտրական մարմինը իսկապէս ամէն ինչը կազմակերպած էր անթերիօրէն եւ այդ պատրաստութիւններուն եւ ցուցաբերուած նախանձախնդրութեան, դրսեւորուած կամքին շնորհիւ ալ կարելի եղաւ համայնքին ընդհանրական կամքը ցոլացնել ընտրութեան արդիւնքին վրայ։
Երէկ, առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ, Իսթանպուլի Բ. ընտրաշրջանէն ներս բացուեցան ընտրատեղամասերը, ուր օրուան տեւողութեան մեր համայնքի 5524 անդամները փութացին քուէատուփի մօտ։ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ, Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին, Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցիներուն առընթեր, քուէատուփեր զետեղուած էին նաեւ Էսաեան վարժարանի եւ Գարակէօզեան Տան համալիրներէն ներս։ Օրուան աւարտին յայտնի դարձաւ, որ Ֆէրիգիւղի մէջ 2819, Սամաթիոյ մէջ 1142, Օրթագիւղի մէջ 380, Պիւյիւքտէրէի մէջ 302, Գարակէօզեան Տան մէջ 590 եւ Էսաեան վարժարանին մէջ 291 հոգի մասնակցած էր քուէարկութեան։ Սա կարեւոր մասնակցութեան համեմատութիւն մըն է՝ ինչ որ մէկ կողմէ նորընտիր թաղային խորհուրդին կը վերագրէ ներկայացուցչական կարողութիւն, իսկ միւս կողմէ կը ցոլացնէ համայնքին ամուր կամքը։
Ընտրական մարմինը օրուան աւարտին տեղեկացուց, որ 5550 քուէ նկատուած էր վաւերական։ Այդ վաւերական ձայներէն 2984-ը արդէն կեդրոնացուած էր սպիտակ ցուցակին վրայ։ Այսինքն, Աքսել Թոփալեանի կողմէ գլխաւորուած «Լուսաւոր ապագայ» սպիտակներու խումբը ընտրողներու աւելի քան 50 տոկոսի ձայները ապահովելով իրաւունք շահեցաւ ստանձնելու Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին ղեկը։ Քուէարկութենէն երկրորդ հորիզոնականին վրայ դուրս եկաւ Շէյտա Երկանեան-Նանեանի կողմէ գլխաւորուած դեղին ցուցակը, որ ապահովեց 1128 ձայն։ Սա եւս արդէն անանտեսելի յաջողութիւն մըն էր։ Ընտրութեան արդիւնքով առաջին երկու հորիզոնականները զբաղեցուցած խումբերը միշտ ընդդիմադիրներ էին եւ այսպէսով համայնքը արտայայտած եղաւ իր կամքը, որպէսզի տասնամեակներէ ի վեր Պէյօղլուի մէջ ստեղծուած կացութեան էջը այլեւս միանգամընդմիշտ շրջուի եւ մեր այս կարեւոր թաղային խորհուրդը, որ կը տնօրինէ հսկայական միջոցներ եւ բազմաթիւ կառոյցներու ցանց մը, նոր հարթութեան մը վրայ դնէ իր գործունէութիւնը։ Արդէն ճերմակ եւ դեղին խումբերէն զատ որեւէ թեկնածուական խմբաւորում 1000 քուէի պատնէշը չկրցաւ յաղթահարել։ Այսպէս, կանաչ ցուցակը ապահովեց 587 քուէ, կարմիր ցուցակը՝ 342 քուէ, կապոյտ ցուցակը՝ 311 քուէ, իսկ վարդագոյն ցուցակը՝ 198 քուէ։
Երեկոյեան ժամերուն, երբ արդէն ընտրութեան արդիւնքները աստիճանաբար յայտնի դարձան, համայնքային շրջանակները ողջունեցին Աքսել Թոփալեանի եւ Խաչիկ Ճանէլի կողմէ առաջնորդուած սպիտակ խումբին յաջողութիւնը։ Շնորհաւորութիւններուն կը միախառնուէին բարեմաղթանքներ եւ ապագայի նկատմամբ արդիւնաւէտ գործունէութեան սպասումներ, միասնականութեան վերականգնման վստահութիւնով հանդերձ։
Երէկուան ընտրութիւնը եկաւ հերթական անգամ ապացուցանել, որ այսպիսի նուրբ իրավիճակներու մէջ մեր համայնքը ինչպէս հաւաքական առողջ դատողութեամբ կը յանգի արդիւնքներու եւ կու տայ լաւագոյն որոշումը։ Արդարեւ, մեր համայնքի անդամները երէկ աչալրջութեամբ կանխեցին՝ թեկնածուական խումբերու բազմազանութենէն յառաջանալիք հաւանական բոլոր անակնկալները։ Նկատի ունենալով, որ յառաջիկայ շրջանին վիթխարի աշխատանք անհրաժեշտ պիտի ըլլայ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի պարագային՝ այս փուլին այդ պաշտօնը ստանձնելու իրաւունք շահած խումբին տեսակէտէ եղած ձայներու կեդրոնացումը երկարաժամկէտ նշանակութիւն պիտի ունենայ, անտարակոյս։
Երէկուան ընտրութեան արդիւնքները ընտրական մարմնին կողմէ պիտի ներկայացուին Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան վաւերացման։ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան Իսթանպուլի շրջանային բաժանմունքին այսօր կը ներկայացուին անհրաժեշտ բոլոր արձանագրութիւնները եւ տեղեկագիրները, որպէսզի նոր թաղային խորհուրդին վաւերացումը հասնի ժամ առաջ եւ ընտրեալ-թաղականները արդէն պաշտօնապէս ձեռնարկեն իրենց առաքելութեան։