image

Պոլսահայ Օքսէն Խաչանեանի Վիճակը՝ Կայուն

Պոլսահայ  Օքսէն  Խաչանեանի Վիճակը՝ Կայուն

Շաբաթ օր    Պոլսոյ մէջ   գրանցուած  պայթումին հետեւանքով վիրաւորուած    Օքսէն Խաչանեան     կը գտնուի  բժիշկներու  խնամքին տակ,  եւ անոր վիճակը  կայուն է: Այս մասին   «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ  Օքսէնի եղբօրմէն ՝ Աշոտ    Խաչանեանէն:  Մեր խօսակիցը նաեւ  յայտնեց,  որ վնասուած են  Օքսէնի երկու  թեւերը  եւ  ան  բուժման      հանգրուան մը պիտի  անցընէ հիւանդանոցէն դուրս գալէն  ետք:    Ձայնի հաղորդավարութեամբ  զբաղող  պոլսահայ երիտասարդը  Թաքսիմի  բնակիչ  է եւ     այդ օր սովորականին պէս  շրջանէն անցնելով  կը փութար  տուն: Նոյն առումով եւ ըստ  Պոլսոյ մեր պաշտօնակից «Ժամանակ»ին, Արսէն   Խաչանեանի    վիճակը այսօր կը համարուի կայուն: Բժիշկները    քաճէ հանած են անոր երկու թեւերը եւ  պէտք եղած ստուգումները կատարելէ ետք  վերստին  պատած   վիրաւորուած բաժինները: Վիրաւոր Խաչանեան   հիմա  ալ կը գտնուի բժիշկներու   հսկողութեան  տակ: Նշենք, որ Պոլսոյ  կեդրոնական  «Իսթիքլալ»  փողոցին  մօտ  եղած պայթումին  հետեւանքով   զոհուած էին 5   անձեր, որոնց գերակշռող մասը զբոսաշրջիկներ էին: Թուրքիոյ իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ  մտահոգիչ, ու  երկրին մէջ  տեղի ունեցած պայթումներուն  հետեւանքով վերջին մէկ տարուան  ընթացքին զոհուած են  80  անձեր: