image

Պոլիս. «Պէրպէրեան» թատերախումբը շուրջ 23 տարի յետոյ բեմ կը վերադառնայ «Կա՛մ Գուրթուլուշ, կա՛մ Գնալը» անուն ներկայացումով

Պոլիս. «Պէրպէրեան» թատերախումբը շուրջ 23 տարի յետոյ բեմ կը վերադառնայ «Կա՛մ Գուրթուլուշ, կա՛մ Գնալը» անուն ներկայացումով

Պոլսոյ «Պէրպէրեան» թատերախումբը, որ իր անունը ստացած է ողբ. բեմադրիչ Արթօ Պէրպէրեանէն, ապա գործունէութիւնը շարունակած է ողբացեալի այրիին՝ Տիկին Պերճուհի Պէրպէրեանի գլխաւորութեամբ, շուրջ 23 տարի յետոյ, բեմ կը վերադառնայ «Կա՛մ Գուրթուլուշ, կա՛մ Գնալը» անուն ներկայացումով։ Այս խաղը «Գնալը ա՜խ Գնալը» եւ «Վա՜խ Գնալը» թատերախաղերու շարունակութիւնն է։ 

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն։

Աղբիւրը նաեւ կը գրէ, որ «Պէրպէրեան» թատերախումբի դերասաններու վերամիաւորումը աջակցութիւն ստացած է Օրթագիւղի ընտանիքէն։ Ներկայացման փորձերը տեղի ունեցան Գարակէօզեան Որբանոցի երդիքին տակ։ Թատերախաղի առաջին բեմելը կը նուիրուի Թարգմանչաց վարժարանի 240րդ տարեդարձին։

Թատերախումբը տարիներ շարունակ մնաց որպէս փնտռուած խումբ մը։ Փորձառու դերասաններուն կողքին ներգրաւուեցան նաեւ նոր ու երիտասարդ ուժեր, համատեղ աշխատանքով պատրաստուեցաւ թէ՛ արդիականացուած բեմագիրը եւ թէ՛ ներկայացման նախապատրաստութեան ամբողջ գործընթացը։

Թատերախաղի առաջին արարը կը պատկերացնէ ընտանիք մը որ կ'ապրի Գուրթուլուշ թաղամասի մէջ եւ որու յարկին տակ կը նշուի Ամանորը։ Ահաւասիկ այդ ընտանիքի Ամանորի առօրեան է որ «ի լոյս կը սփռուի»՝ պատրաստութիւններով, թաղամասի կեանքով, բնակիչներու սովորութիւններու ու ընկերային երեւոյթներով միասին։ 

Երկրորդ արարին մէջ դէպքերը կը տեղափոխուին Գընալը կղզի, ուր կը ներկայացուին շուրջ երկու ամսուան եղելութիւնները։ Պատմութիւնը կը կեդրոնանայ կղզիի մէջ նախատեսուած միութենական ընտրութիւններուն վրայ, օրակարգի բերելով կղզիի առօրեան ու կերպարներու գլխաւոր փորձառութիւնները, կրկին շեշտելով ընկերային հարցերը։

Ներկայացման բեմադրիչն է դերասան, օսմանեան շրջանի հայկական թատրոնի պատմութեան հետազօտող Պօղոս Չալկըճըօղլու, որ սապէս կը բնորոշէ «Պէրպէրեան» թատերախումբի վերադարձը. «Անհրաժեշտ է որ հայկական սիրողական թատերախումբերը շարունակեն գոյատեւել։ Փորձերու ընթացքին աջակցութիւն վայելեցինք, յուսալով որ  պիտի կարենանք անցեալէն ստացած ժառանգութիւնը փոխանցել գալիք սերունդներուն»։

Յիշեցնենք որ «Գնալը, ա՜խ Գնալը» եւ «Վա՜խ Գնալը» ներկայացումները 2002-2004 թուականներու միջեւ բեմադրուած են 85 անգամ, հասնելով շուրջ 15 հազար հանդիսատեսի։ 

«Պէրպէրեան»ցիները «Գնալը» շարքի կողքին, անցնող տասնամեակներու ընթացքին բեմադրած են բազմաթիւ ներկայացումներ, որոնց շարքին են՝ «Թիթեռ», «Անոյշ», «Կայա», «Հին աստուածներ», «Պօ-Քոմետի», «Սեպասթաքիւս», «Եօթը ամուսին ունեցող Հիւրմիւզ», «Հասարակեան» եւ «Կրանթ Մաժեսթիք»ը։ 

Յաջողութիւն կը մաղթենք։

 

Լուսանկարներ՝ ՄԿՐՏԻՉ ԱՐԾԻՒԵԱՆ