image

Պրազիլիոյ մէջ. Գրող՝ Սոնիա Մարիա Տը Ֆրէյթաս իր գիրքին հասոյթը կը նուիրէ Արցախցի ընտանիքներուն (Լուսանկար)

 Պրազիլիոյ մէջ.  Գրող՝ Սոնիա Մարիա Տը Ֆրէյթաս իր  գիրքին հասոյթը կը նուիրէ Արցախցի ընտանիքներուն (Լուսանկար)

 Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Պրազիլիոյ Թեմի   դիմատետրեան էջէն կը տեղեկանանք, որ Գերշ. Տ. Նարեկ եպիսկոպոս Պէրպէրեան,  օրերս ընդունած է՝ «Միահիւսուած տողեր եւ յիշողութիւններ՝ Սան Փաուլոյի հայ ասեղնագործները» նորատիպ գիրքին հեղինակ՝ Սոնիա Մարիա Տը Ֆրէյթասը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք հրապարակումը։

 Պրազիլիոյ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Նարեկ եպս. Պէրպէրեանը ընդունեց գրող՝ Սոնիա Մարիա Տը Ֆրէյթասը, որ հեղինակն է «Միահիւսուած տողեր եւ յիշողութիւններ՝ Սան Փաուլոյի հայ ասեղնագործները» գիրքին, որ նոր հրատարակուած է Սան Փաուլոյի մէջ, Պրազիլիոյ Հայ Բարեգործական Միութեան եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան  հիմնադրամի աջակցութեամբ։ Այդ առիթով հեղինակը մանրամասած է աշխատութեան մշակման ընթացքը, որ 26 ասեղնագործներու պատմութեան միջոցով կը ներկայացնէ սփիւռքահայ կիներու փորձառութիւնն ու անոնց դերը համայնքին եւ ընտանիքին մէջ: Հանդիպման աւարտին, հեղինակ Սոնիա Մարիա Տը Ֆրէյթասը, եկեղեցւոյ անդամներուն նուիրած է իր գիրքէն օրինակներ։ Թեմի Առաջնորդը շնորհաւորած է անոր՝ կատարած հիանալի աշխատանքին եւ վեհանձն նպատակին համար, քանի որ ան, գիրքի վաճառքէն ձեռք բերուած հասոյթը նուիրաբերած է Արցախցի ընտանիքներուն։