image

Պլինքընէն գնահատանք՝ Փաշինեանին

Պլինքընէն  գնահատանք՝ Փաշինեանին

Հայաստանն ու ԱՄՆ-ն քաղաքացիական աթոմային ուժանիւթի ոլորտին մէջ ռազմավարական համագործակցութեան փոխըմբռնման յուշագիր ստորագրած են: Փաստաթուղթը ստորագրուած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Անթոնի Պլինքընի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի կողմէ` Ուաշինկթըն վերջինիս այցի շրջանակներուն մէջ:

«Մենք շատ լաւ երկխօսութիւն ունեցանք, եւ այս հանդիպման հիմնական նպատակն է վերսկսիլ ԱՄՆ-ի եւ Հայաստանի միջեւ ռազմավարական երկխօսութիւնը, որ դադրեցուած էր Քովիտի համավարակի պատճառով: Սա կարեւոր գործիք է, որու միջոցով մենք կրնանք խորացնել եւ ամրապնդել մեր յարաբերութիւնները` նոր ոլորտներում մէջ համագործակցութեան եւ փոխգործակցութեան իրականացման համար: Մենք ուրախ ենք քաղաքացիական աթոմային ուժանիւթի ոլորտին մէջ ռազմավարական համագործակցութեան վերաբերեալ փոխըմբռնման յուշագիր ստորագրելու: Այն նաեւ նոր ճանապարհ կը բանայ ԱՄՆ-ի եւ Հայաստանի միջեւ համագործակցութեան համար: Եւ կը կարծեմ, որ այդ կրնայ ծառայել նաեւ մեր երկկողմ յարաբերութիւններու ամրապնդման: Օգտուելով առիթէն` կը փափաքիմ գնահատել Հայաստանի վարչապետին ղեկավարութիւնը եւ անոր կառավարութեան կողմից իրականացուող ժողովրդավարական բարեփոխումները, շարունակուող յառաջընթացը: Ինչպէս նաեւ` ողջունել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութիւնը եւ բարձր գնահատել այն հեռատեսութիւնը, համարձակութիւնն ու ճկունութիւնը, որ վարչապետն ու Հայաստանը կը ցուցաբերեն այս գործընթացին մէջ` աշխատելով այն ուղղութեամբ, որ մենք բոլորս կը ցանկանք` երկարաժամկէտ խաղաղութեան:

Եւ վերջապէս, թոյլ տուէք ըսել ձեզի, պարոն նախարար, եւ ձեր գործընկերներուն, շատ հաճելի է ձեզի հետ աշխատիլ մեր յարաբերութիւններու խորացման ուղղութեամբ: Դժուար ժամանակներ են տարբեր ուղղութիւններու մէջ, դժուար ժամանակներ են նաեւ Հայաստանի համար, բայց իմացէք, որ դուք ուժեղ եւ իսկական բարեկամ ու գործընկեր ունիք` ի դէմս ԱՄՆ-ի», ստորագրման արարողութեան ժամանակ ըսած է Պլինքընը: