image

PKK-ի Անդամը Ձերբակալուած Է «Անգարայի Մէջ Ռումբ Պիտի Պայթի» Դայլայլին (Թուիթին) Համար

PKK-ի Անդամը Ձերբակալուած Է «Անգարայի Մէջ Ռումբ Պիտի Պայթի» Դայլայլին (Թուիթին) Համար

(Թուրքիա-«Տէյլի Սապահ»-Անգարա) Ըստ «Տէյլի Սապահ»ին, PKK-ի  մէկ անդամը ձերբակալուած է խնդրահարոյց դայլայլներու (Թուիթներու) համար, զորս  կատարած էր նախքան Անգարայի  ահաբեկչկական պայթումը: Սէրհադ Փոլադսոյ, որ անդամ PKK-ին, իր  թուիթին  պատճառով  ձերբակալուած է Չորեքշաբթի օր:  Ձեռքի «@DrBereday»-ով ուղարկուած թուիթը կ'ըսէր, «Ռումբ պիտի պայթի Անգարայի մէջ»  եւ որպէս հետեւանք  անոր  գրառման Թուրքիոյ մէջ տարաձայնութիւնները աշխուժացած են: Դէպքը  կը  պատահէր ISIS-ի հետ կապ ունեցող մահապարտ Եուսուֆ Էպրէ Ալակոյզի ռումբ պայթեցնելու  ահաբեկչական գործողութենէն 9 ժամ առաջ:Ըստ աղբիւրին, ապահովական ուժերը կրցած են  ձերբակալել Փոլադսոյը, ան  եւ ան PKK-ի  հետ կապ ունեցած է 1997 թուականէն ի վեր: Ան 2013-ին կրկին ձերբակալուած էր Շանլըուրֆայի մէջ հակա-ահաբեկչական գործողութեան մը ընթացքին, երբ տասը քիլոկրամ  պայթուցիկ TNT, ձեռնառումբեր եւ այլ կրակող զէնքեր առգրաւուեցան: Բանտարկուած էր 2013-2014 ի միջեւ: Փոլադսոյ ամբաստանուեցաւ, որպէս անդամ ահաբեկիչ կազմակերպութեան եւ անոր գովազդողը: Թերթը կ'եզրակացնէ թէ, արդի Թուրքիոյ պատմութեան ամենաշատ կեանքեր հնձող յարձակումը կազմակերպուած էր երկու կասկածելի մահապարտներու կողմէ, ձախակողեան բազմութեան մէջ, քրտամէտ եւ միացեալ աքթիւիստներու խաղաղ ցոյցին ընթացքին: Երկաթուղիի գլխաւոր կայարանին մօտ յարձակումներուն որպէս արդիւնք, փռուած էին մահացած ցուցարարներուն մարմինները եւ զոհերուն թիւը հասած էր  102-ի: