image

«Պիտի կանխենք միջ-ցեղային բոլոր տեսակի հրահրումներն ու թափանցումը»Վ. Փութին

«Պիտի կանխենք միջ-ցեղային բոլոր տեսակի  հրահրումներն ու թափանցումը»Վ. Փութին

 

ՌԴ իշխանութիւնները զգուշօրէն եւ յարգալից կերպով կանխեր են միջցեղային բախումներն այլ յետխորհրդային երկիրներէն ռուսական տարածք տեղափոխելու փորձերը եւ ապագային ալ այդպէս պիտի վարուին: «ԹԱՍՍ» գործակալութեան փոխանցմամբ՝ այս մասին յայտարարած է ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը՝ ելոյթ ունենալով միջազգային յարաբերութիւններու հարցով խորհուրդի նիստին:

«Մեզի համար անհնար է հաշտուիլ այն բանի հետ, որ ինչ-որ մէկը կը փորձէ կամ մտադիր է Ռուսաստանի Դաշնութիւն տեղափոխել այն խնդիրները, որոնց մարդիկ կը բախուին իրենց երկիրներուն մէջ»,- ըսած է Փութինը:

Անոր խօսքով՝ այդ հարցը կը վերաբերի ԽՍՀՄ նախկին երկիրներէն շատերու ներկայացուցիչներուն, որոնք ՌԴ քաղաքացիներ են կամ աշխատանքային գաղթականներու կարգավիճակ ունին եւ երկար տարիներ կ'ապրին Ռուսաստանի մէջ, «սակայն ներգրաւուած են իրենց երկիրներուն մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն»:   

«Ցաւօք սրտի, նախապէս ալ մենք տեսեր ենք մեր հարեւան երկիրներուն մէջ առկայ խնդիրները, որոնք կ'առնչուին տարածքային վէճերուն կամ միջցեղային խնդիրներուն, Ռուսաստանի տարածք տեղափոխելու նման փորձեր: Մեր իրաւապահ մարմինները եւ ընդհանրապէս իշխանութեան մարմինները գործած են ծայրաստիճան զգոյշ, հանգիստ եւ յարգանքով, սակայն լուծած են այդ խնդիրը»,- աւելցուցած է ՌԴ ղեկավարը: