image
Հրատապ լուրեր:

Pink Floyd-ի Երգերը յետայսու հասանելի չեն Ռուսաստանի թուային համակարգին մէջ

Pink Floyd-ի  Երգերը  յետայսու հասանելի չեն Ռուսաստանի  թուային համակարգին մէջ

Բրիտանացի երաժիշտ, «Pink Floyd»-ի նախկին անդամներէն մէկը՝ Տէյվիտ Կիլմոր, ըսած է, որ խումբի ստեղծագործութիւնները եւ 1987-էն ի վեր կատարած իր մենահամերգները կը հեռացուին Ռուսաստանի եւ Պելառուսիոյ թուային հարթակներէն։

Ան Twitter-ի իր էջով յայտարարութիւն տարածած է, ուր ըսուած է.

««Pink Floyd»-ի բոլոր ստեղծագործութիւնները՝ սկսած 1987-էն եւ Տէյվիտ Կիլմորի բոլոր առանձին ձայնագրութիւնները կը հեռացուին Ռուսաստանի եւ Պելառուսիոյ թուային հարթակներէն»: