Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահական ընտրութիւններուն Ռուսիոյ քաղաքացիներու համար ընտրատեղամասեր գործած են նաեւ Գիւմրիի եւ Երեւանի մէջ։ Ըստ յանձնաժողովներու 18 մարտի, ժամը 11։30-ին ներկայացուցած արդիւնքներու՝ Փութինը պարտուած է Երեւանի մէջ՝ հաւաքելով քուէներու 32,87 տոկոսը։ Այստեղ յաղթած է «Նոր մարդիկ» կուսակցութենէն Վլատիսլաւ Տավանքովը՝ ստանալով քուէներու 49,85 տոկոսը, իսկ Գիւմրիի մէջ Փութինը առաջատարն է՝ քուէներու 58,14 տոկոսով։ Այս մասին գրած է azatutyun.am-ը:
Գիւմրիի մէջ Համայնավար կուսակցութենէն Նիքոլայ Խարիթոնովը ստացած է քուէներու 2,20 տոկոսը կամ 29 ձայն, «Նոր մարդիկ» կուսակցութենէն Վլատիսլաւ Տավանքովը՝ 30,66 տոկոսը, կամ 405 ձայն, Լիպերալ-դեմոկրատական կուսակցութենէն Լեոնիտ Սլուցքին՝ 2,42 տոկոսը կամ 32 ձայն, Իսկ Վլատիմիր Փութինը ստացած է ձայներու 58,14 տոկոսը, կամ 768 ձայն։
Գիւմրիի մէջ կը գտնուի նաեւ ռուսական 102-րդ ռազմակայանը եւ միայն երեք ընտրատեղամաս այս ռազմակայանին մէջ գործած է։
Երեւանի մէջ Նիքոլայ Խարիթոնովը հաւաքած է 1,82 տոկոս կամ 127 ձայն, Վլատիսլաւ Տավանքովը՝ 49,85 տոկոս կամ 3 հազար 474 ձայն, Վլատիմիր Փութինը՝ 32,87 տոկոս կամ 2 հազար 291 ձայն, Լեոնիտ Սլուցքին՝ 1,58 տոկոս, կամ 110 ձայն։
Հազարաւոր քաղաքացիներ մասնակցած են «Կէսօրն առանց Փութինի» արշաւին՝ միաժամանակ քուէարկութեան ներկայանալով ու երկար հերթեր առաջացնելով բացուած ընտրատեղամասերու դիմաց: