image

Փութին Ուքրանիոյ մէջ հրադադարի հաստատման հիմնական խոչընդոտն է. Քելլոկ

Փութին Ուքրանիոյ մէջ հրադադարի հաստատման հիմնական խոչընդոտն է. Քելլոկ

Ուքրանիան համաձայնած է Ռուսիոյ հետ համապարփակ զինադադարի, որ առաջարկած էր ամերիկեան կողմը։ Այժմ զինադադարի հիմնական խոչընդոտը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինն է։ Այս մասին Fox News հեռուստաալիքին ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի՝ Ուքրանիոյ հարցով յատուկ ներկայացուցիչ Քիթ Քելլոկը։

«Անոնք (ուքրանացիները) համաձայնաած են, որ անհրաժեշտ է համապարփակ զինադադար՝ ցամաքին, ծովուն եւ երկինքին մէջ, 30 օրով, որ կրնայ երկարաձգուիլ: Անոնք այսօր կ՚ուզեն այդ։ Երկու շաբաթ առաջ վերադարձեր ենք Լոնտոնէն, ուր բանակցեր ենք վճռական տրամադրուած երկիրներու դաշինքի հետ՝ բրիտանացիներու, ֆրանսացիներու եւ գերմանացիներու գլխաւորութեամբ: Անոնք պատրաստ են այս համապարփակ զինադադարին՝ բազմաթիւ պայմաններով։ Եւ ուքրանացիները համաձայն են ատոր»,-ըսած է Քելլոկը:

Ան աւելցուցած է, որ Ուքրանիան գոհ չէ բոլոր պայմաններէն, սակայն իրենք «եկած են այն եզրակացութեան, որ այդ այն ճանապարհն է, որով պէտք է առաջ շարժիլ»։ Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ ներկայացուցիչը կը կարծէ, որ կողմերը «մօտ են» հնարաւոր հրադադարին։

«Կը կարծեմ, որ մենք մօտ ենք: Միակ մարդը, որ կրնայ այդ իրականացնել, նախագահ Թրամփն է: Բայց եթէ Փութինը համաձայնի: Կը կարծեմ, ճիշդ հիմա, մեր ամենամեծ խոչընդոտը առաջընթացի համար Ռուսիոյ նախագահն է, որ համաձայն չէ», -ըսած է Քելլոկը: