image

Փութին պէտք է պարտուի.Հիլըրի Քլինթըն

Փութին պէտք է պարտուի.Հիլըրի Քլինթըն

Քլինթըն. «Ես ուքրանացիներուն կողմէ եմ, ինչ որ կը նշանակէ, որ անհնար է ժամանակէն շուտ շտապել բանակցութիւններու հարցով: Կը կարծեմ, որ վերջնական յաջողութիւնը պիտի ըլլայ Փութինի պարտութիւնը»:

 

Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ բանակցութիւններ սկսելու ժամանակը դեռ չէ եկած: Նման դիրքորոշում յայտնած է ԱՄՆ նախկին պետական քարտուղար Հիլըրի Քլինթըն:

«Ես ուքրանացիներուն կողմէ եմ, ինչ որ կը նշանակէ, որ անհնար է ժամանակէն շուտ շտապել բանակցութիւններու հարցով: Կը կարծեմ, որ վերջնական յաջողութիւնը պիտի ըլլայ Փութինի պարտութիւնը: Եւ այս հարցով ես կրնամ միայն համաձայնիլ նախագահ Զէլէնսքիի եւ անոր կառավարութեան խնդրանքներուն հետ, այն է` ամբողջական դուրսբերում Ուքրանիոյ գրաւուած տարածքներէ», ըսած է Քլինթըն:

Ան նաեւ մեկնաբանած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրօնի յայտարարութիւնը, թէ Արեւմուտքը «պէտք չէ նուաստացնէ Ռուսիան»: Քլինթընի խօսքով` այս դիրքորոշումը հինցած է, իսկ Փութինը շատոնց անցած է կարմիր գիծը: Քլինթըն նշած է, որ այն երկիրները, որոնք ռուսական յարձակման «առաջին գիծին վրայ» են` Լեհաստանը եւ Պալթեան երկիրները, շատ աւելի յստակ պատկերացում ունին, թէ ով է Փութինը եւ ինչ նպատակներ ունի»:

«Փութին միշտ ունեցած է մեսիական եւ նարցիսիստական ինքնապատկեր. ան մարդ է, որուն համար Խորհրդային Միութեան փլուզումը պատմութեան մեծագոյն աղէտներէն մէկն էր», ըսած է նախկին պետական քարտուղարը: