image

Փութին. Բանակցութիւններ պիտի կայացուին

Փութին. Բանակցութիւններ պիտի կայացուին

 

Ուքրանիոյ հարցով եռակողմ բանակցութիւններ նախատեսուած են Երեքշաբթի, Ապու Տապիի մէջ։ Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին։

Ռուսիոյ նախագահը Անվտանգութեան խորհուրդի անդամներուն հետ քննարկած է Ռուսիոյ, ԱՄՆ-ի եւ Ուքրանիոյ ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ Ապու Տապիի մէջ կայանալիք եռակողմ բանակցութիւններու նախապատրաստական աշխատանքները։

Քննարկման մասնակցած են նաեւ բանակցութիւններու մեկնող ռուսական պատուիրակութեան անդամները՝ Վլատիմիր Մետինսքին, Իկոր Կոստիւքովը, Եուրի Ուշաքովը, Միխայիլ Կալուզինը եւ Սերկէյ Ռիապքովը։

Փութին շնորհակալութիւն յայտնած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն՝ ուքրանական տագնապի կարգաւորման գործին մէջ հետեւողական աջակցութիւն ցուցաբերելուն համար։ Բանակցութիւնները նախատեսուած են Նոյեմբեր 10-ին։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ Ռուսիոյ մէջ պարենային ապահովութեան երաշխաւորման եւ ամրապնդման հարցերը։