image

Փութին պատրաստ է բանակցելու Զելենսքիին հետ, բայց...

Փութին պատրաստ է բանակցելու Զելենսքիին հետ, բայց...

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը պատրաստ է բանակցութիւններու, այդ շարքին՝ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ, սակայն վերջինիս իրաւասութիւնը՝ որպէս Ուքրանիոյ առաջնորդ, կասկածներ կը յարուցէ. այս մասին ճեպազրոյցին նշած է Ռուսիոյ պետութեան ղեկավարի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով։

«Փութին ինքը բազմիցս ըսած է, որ անհրաժեշտութեան պարագային պիտի բանակցի Զելենսքիի հետ: Միեւնոյն ժամանակ, պայմանաւորուածութիւններու իրաւական ամրագրումը ենթակայ է լուրջ քննարկման՝ հաշուի առնելով այն իրողութիւնը, որ կ՚ենթադրէ անձամբ Զելենսքիի օրինականութիւնը վիճարկելու հնարաւորութիւն», - աւելցուցած է Քրեմլինի ներկայացուցիչը։

Ռուսական կողմը պնդած է, որ Ուքրանիոյ սահմանադրութիւնը չի նախատեսեր ռազմական դրութեան ժամանակ նախագահական ընտրութիւններու յետաձգում (այս պատրուակով Քիեւը հրաժարած է ընտրութիւններու կայացումէն), իսկ Զելենսքիի լիազօրութիւններու ժամկէտը սպառած է 2024 թուականի մայիս 20-ին։