Եթէ ռուսերէն լեզուին բնական վերաբերէին, Ուքրանիոյ մէջ յեղաշրջումներ տեղի չէին ունենար: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին Հանրային պալատի նոր կազմի հետ հանդիպման։
Նախագահի խօսքով, եթէ ռուսերն ու ռուսերէն լեզուն չճնշուէին, Խրիմը վերադարձնելու միտք չէր ըլլար։ Ան Ուքրանիան եղբայրական անուանած է՝ նշելով, որ անոր ցեղային կազմը նման է Ռուսիոյ ցեղային կազմին։
«Եթէ մենք բնականոն, ժամանակակից, բարեկամական յարաբերութիւններ ունենայինք եղբայրական Ուքրանիոյ հետ, ոչ մէկու միտքով չէր անցներ Խրիմի հետ կապուած գործողութիւններ ձեռնարկել։ Եթէ այնտեղ ամէն ինչ լաւ ըլլար, եթէ ռուս ժողովուրդին, ռուսաց լեզուին ու մշակոյթին բնական վերաբերուէին, այդ յեղաշրջումները տեղի չէին ունենար»,- ըսած է նախագահը։
Ան յիշած է, թէ ինչպէս խորհրդային տարիներուն Ուքրանիան ձեւաւորուած է հիմնականին ռուսական հողերու հաշւոյն։ Եւ ժամանակակից Ռուսիան հաշտուած է անոր հետ, նշած է նախագահը։
«Բայց երբ սկսան ոչնչացնել ռուսական ամէն ինչ, անոնք, ի հարկէ, ծայրայեղ բաներ են։ Եւ վերջաւորութեան անոնք յայտարարեցին, որ ռուսերը բնիկ ազգը չեն այս հողերուն, սա կատարեալ անօրինութիւն է, եւ միեւնոյն ժամանակ սկսան բնաջնջել ռուսերը Տոնպասի մէջ Արեւմուտքի ծափերուն ներքոյ», - եզրափակած է Փութին :