Ռուսիոյ համար աւելի հեշտ է վերահսկել Սեւ ծովու ջրաւազանը, յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին՝ մեկնաբանելով Թուրքիոյ մէջ կազային հանգոյց ստեղծելու պատճառները: Այս մասին հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոստի»ն։
«Մեզի համար աւելի հեշտ է վերահսկել Սեւ ծովու աւազանը։ Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ ընտրութեան, որպէս մատակարարումներու հնարաւոր հանգոյց դէպի Եւրոպա, կը կարծեմ հասկնալի է, թէ ինչու մենք այս առաջարկը կ'ընենք։ Որովհետեւ շատ դժուար է ուղղակիօրէն աշխատիլ եւրոպացի գործընկերներու հետ»,-ըսած է Փութին՝ պատասխանելով լրագրողներու հարցերուն։
Ան յստակեցուցած է, որ Ռուսիոյ համար թրքական կողմի հետ աւելի հեշտ է աշխատիլ, քանի որ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան «իր խօսքի տէրն է»։ «Եւ եթէ մենք ինչ-որ բանի շուրջ պայմանաւորուինք, կրնայ դժուար ըլլալ պայմանաւորուիլը, բայց եթէ պայմանաւորուինք, ապա կը ձգտինք կատարել»,- աւելցուցած է ան։
Անոր խօսքով՝ թրքական կազային հանգոյցը իրատեսական նախագիծ է, որ պիտի յաջողին բաւականին արագ իրագործել։ «Կասկած չունիմ, համոզուած եմ, որ պայմանագրերը պիտի կնքուին։ Որեւէ կասկած չկայ։ Եւ, ի վերջոյ, մենք կրնանք եւրոպական երկիրները օգտագործել որպէս տարանցիկ երկիրներ՝ աշխարհի այլ տարածաշրջաններ առաքումներու համար»,- ընդգծած է Փութին։