Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը միջուկային նոր դոկտրինի (վարդապետութեան, սկզբունք) հրամանագիր ստորագրած է։
Ըստ նոր դոկտրինի՝ ընդլայնուած է պետութիւններու եւ ռազմական սպառնալիքներու ցանկը, որոնց չէզոքացման համար անհրաժեշտ պիտի ըլլայ միջուկային զէնք կիրառելը։
«Որեւէ ոչ միջուկային պետութեան կողմէ յարձակումը, բայց միջուկային երկրի մասնակցութեամբ կամ աջակցութեամբ, պիտի համարուի համատեղ յարձակում Ռուսիոյ վրայ։ Բացի այդ, Ռուսիայէն միջուկային պատասխանը հնարաւոր է իր ինքնիշխանութեան սպառնացող ճակատագրական սպառնալիքի պարագային, նոյնիսկ սովորական զէնքով՝ ռազմական օդանաւերու, թեւաւոր հրթիռներու, անօդաչու թռչող սարքերու, այլ օդանաւերու զանգուածային մեկնարկով եւ Ռուսիոյ սահմանը հատելով»,- գրած է գործակալութիւնը։
Նորացուած փաստաթուղթով՝ միջուկային սպառազինութիւն կրնայ կիրառուիլ նաեւ Պելառուսիոյ դէմ յարձակման ժամանակ։
Նոյեմբեր 17-ին ամերիկեան լրատուամիջոցները գրած էին, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընը թոյլատրած է Ուքրանիոյ ամերիկեան հեռահար զէնքով հարուածել Ռուսիան։ Ուաշինկթընը չէ հաստատած տեղեկութիւնը։