Ռուսաստանի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութին եւ Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւ հեռախօսազրոյցի ընթացքին ողջունած են հակամարտութեան գօտիին վրայ հրադադարի եւ բոլոր ռազմական գործողութիւններու վերահսկման համար Ատրպէյճանի մէջ բացուած ռուս-թրքական համատեղ կեդրոնի աշխատանքներու մեկնարկը: Այս մասին յայտնած է Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը:
«Յոյս յայտնուած է, որ Կեդրոնի գործունէութիւնը կը նպաստէ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակի հետագայ կայունացման եւ Ռուսաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահներու եւ Հայաստանի վարչապետի 2020 թուականի 9 Նոյեմբերի յայտարարութեան մէջ ամրագրուած պայմանաւորուածութիւններու պատշաճ պահպանման»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Բացի այդ, քննարկուած են ռուս-ատրպէյճանական երկկողմանի համագործակցութեան շարք մը արդիական հարցեր: