 
                    «Համաս»-ը Կարմիր խաչին փոխանցած է եւս մէկ մահացած իսրայէլացի պատանդի աճիւնը։ Այն արդէն տեղափոխուած է Իսրայէլ՝ նոյնականացման։
13 հոկտեմբերէն՝ Կազայի մէջ հրադադար յայտարարուելէն ի վեր, պաղեստինեան շարժումը վերադարձուցած է զոհուած 28 պատանդէն 9-ին մարմինները։ «Համաս»-ը մեկնաբանած է մեղադրանքները, որ շարժումը դեռ Իսրայէլին չէ փոխանցած 7 հոկտեմբերին գերեվարուած պատանդներու բոլոր աճիւնները: Ըստ շարժման՝ գործընթացը կը ձգձգուի, քանի որ բարդ է կարճ ժամանակի մէջ գտնել բոլոր աճիւնները:
«Մարմիններուն մէկ մասը թաղուած է Իսրայէլի ռմբակոծութիւններուն հետեւանքով աւերուած փակուղիներուն եւ շէնքերուն փլատակներուն տակ։ Անոնց փոխանցումը կ'ուշանայ, քանի որ Իսրայէլ թոյլ չի տար Կազա փրկարարական սարքաւորումներ տեղափոխել»,- ըսուած է շարժման յայտարարութեան մէջ։
Աւելի վաղ Միացեալ Նահանգներու նախագահը նախազգուշացուցած էր՝ եթէ «Համաս» չվերադարձնէ գերիներու մարմինները եւ խախտէ Կազայի մէջ հրադադարի համաձայնութիւնը, ինք թոյլ պիտի տայ Իսրայէլի վարչապետին՝ վերսկսելու ռազմական գործողութիւնները: