ԱՄՆ նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը կարծէ, որ ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Նենսի Փելոսիի հնարաւոր այցը Թայուան միայն աւելի կը սրէ լարուածութիւնն ԱՄՆ-ի եւ Չինաստանի միջեւ, գրած է «ՌԻԱ Նովոստի»ն։
«Այն միայն աւելի կը վատթարացնէ ամէն ինչ», - գրած է Թրամփ իր Truth Social ընկերային ցանցի էջին։
Քաղաքական գործչի խօսքով՝ Թայուանի հարցով Փելոսիի ներգրաւման նպատակը միայն «խնդիրներ ստեղծելն ու գումար վաստակիլն է»։