image
Հրատապ լուրեր:

Փայլան Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու անվտանգութեան խնդրով դիմած է Սուլայման Սոյլուին

Փայլան Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու անվտանգութեան խնդրով դիմած է Սուլայման Սոյլուին

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Թուրքիոյ Ներքին գործոց նախարարին հարցադրում ուղարկած է վերջին օրերուն տարածուող այն լուրերու վերաբերեալ, թէ ազգային փոքրամասնութիւններու առաջնորդներու ու կրօնական կառոյցներու դէմ ահաբեկչութիւններու սպառնալիքներ կան։

Թրքական Bianet–ի հաղորդմամբ՝ Կարօ Փայլան Ներքին գործոց նախարարին հարցուցած է, թէ արդեօք ճիշդ է այն տեղեկութիւնը, որ ազգային փոքրամասնութիւններու դէմ յարձակումներու սպառնալիք կայ։ Նաեւ հետաքրքրուած է, թէ ազգային փոքրամասնութիւններու դէմ հնարաւոր ահաբեկչութիւնները կանխելու համար ինչ քայլեր կը ձեռնարկուին եւ ինչպէս պէտք է փարատել ազգային փոքրամասնութիւններու անհանգստութիւնները այդ ուղղութեամբ։

Նշենք, որ Շուէտի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց Ղուրան այրելէն ետք լուրեր տարածուած են, թէ Թուրքիա մտած են «Իսլամական Պետութեան» ահաբեկիչներ, որոնք ահաբեկչութիւններ նախատեսած են եւրոպական երկիրներու հիւպատոսութիւններուն մէջ, ազգային փոքրամասնութիւններու դէմ, ինչպէս նաեւ ոչ իսլամ կրօնական կառոյցներու մօտ։

Արդէն ժամանակաւորապէս փակուած են Իսթանպուլի մէջ Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Հոլանտայի եւ Մեծ Բրիտանիոյ գլխաւոր հիւպատոսութիւնները։