image

Փաթրուշեւ. «Խաղաղութեան պայմանագրի կնքման հաւանականութիւնը մեծ է»

Փաթրուշեւ. «Խաղաղութեան պայմանագրի կնքման հաւանականութիւնը մեծ է»

Մոսկուան կապի մէջ է Երեւանի եւ Պաքուի հետ անոնց միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար։ Այս պահուն խաղաղութեան պայմանագրի նախապատրաստական աշխատանքները կը տարուին։

Այս մասին յայտարարած է ՌԴ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւը՝ շեշտելով, որ հետեւողական ջանքեր կը գործադրուին հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ։

Անդրադառնալով խաղաղութեան պայմանագրի հնարաւոր կնքման, Փաթրուշեւը նշած է, որ ատոր համար կան բոլոր նախադրեալները։

«Բոլոր նախադրեալները կան»,- Փաթրուշեւի խօսքերը մէջբերած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն։