Ատրպէյճանին զէնքի վաճառքը լարուածութիւն առաջացուցած է Հայաստանի եւ Պելառուսիոյ յարաբերութիւններուն մէջ։ Այս երկիրները գործընկերներ են Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան մէջ (ՀԱՊԿ), բայց այդ գործընկերութիւնը յաճախ կասկածի տակ դրուած է։ Այս մասին գրած է «Հետք»ը։
Տարիներ շարունակ հայ պաշտօնեաները հրապարակաւ վրդովմունք յայտնած են՝ ընդգծելով, որ Պելառուսիան զէնք կը վաճառէ Ատրպէյճանին այն պայմաններուն մէջ, երբ Հայաստանը վերջինիս հետ երկարատեւ հակամարտութեան մէջ է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ։
Պելառուսական պետական ու մասնաւոր ռազմարդիւնաբերական ընկերութիւնները տարիներ շարունակ սպառազինութիւն եւ ատոնց առնչուող ծառայութիւններ վաճառած են Հայաստանի թշնամիին՝ Ատրպէյճանին: Օրինակ՝ պելառուսական «Թեթրաէտր» մասնաւոր ընկերութիւնն Ատրպէյճանին օգնած է թարմացնել հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը: «Թեթրաէտրի» ներքին զեկոյցներէն մէկուն մէջ նշուած է, որ այս ընկերութեան արհեստագիտութիւնները կիրառուած են 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ։
«Հետք»ը նախապէս եւս գրած ենք Պելառուսիոյ եւ Ատրպէյճանի ռազմա-ճարտարարուեստական համագործակցութեան մասին:
Բայց «Թեթրաէտրի» զեկոյցը առանձնայատուկ է անով, որ այդտեղ կայ յստակ փաստ, որ ընկերութեան մշակած «Փեչորա-2ՏՄ» զենիթահրթիռային համալիրները կիրառուած են 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ եւ խոցած հայկական 11 անօդաչու թռչող սարք։