image

Փաստաբան Ալեքսանտր Կոչուբաեւը երկու ամիսով կալանաւորուած է

Փաստաբան Ալեքսանտր Կոչուբաեւը երկու ամիսով կալանաւորուած է

Փաստաբան Ալեքսանտր Կոչուբաեւը երկու ամիսով կալանաւորուած է։

Բագրատ Գալստանեանի եւ միւսներու գործով հոկտեմբեր 17-ի նիստէն ետք իրաւապահները բերման ենթարկած էին մեղադրեալներէ մէկու փաստաբան Ալեքսանտր Կոչուբաեւը:

Համացանցի մէջ տարածուած տեսանիւթերուն մէջ կ՚երեւի, որ իրաւապահները փաստաբան Կոչուբաեւը բերման ենթարկելու ժամանակ պառկեցուցած են ասֆալթին։

Քննչական կոմիտէէն յայտնած են, որ «Քրէական վարոյթի նախաքննութեան ընթացքում 1 անձի նկատմամբ յարուցուել է հանրային քրէական հետապնդում՝ Քրէական օրէնսգրքի 490-րդ յօդուածի 2-րդ մասով (դատաւորի, դատախազի, քննիչի մասին արատաւորող, նշուած անձանց իրաւունքներին ու օրինական շահերին այլ վնաս պատճառող տեղեկութիւն հրապարակելը՝ կապուած նշուած անձանց օրինական ծառայողական կամ մասնագիտական գործունէութեան հետ»:

Կոչուբաեւը նախօրէին դիմատետրի էջին գրառում կատարած էր, որուն մէջ մասնաւորապէս գրած էր․

«Վիժուածքներ

Հոգին սատանային վաճառած քննիչներ, դատախազներ, դատաւորներ, ձեր պատիժը երկնային է լինելու, աղօթում եմ Տիրոջը ձեզ չների եւ պատիժը քաւէք սերունդներով։

Մկրտիչ Սրբազանը ծառայութիւնը կը շարունակի ԿԿԲ պադուալում, բայց դուք ոնց շատ տղայ կայիք էդ ձեւ էլ մնացիք․․․»,- գրած էր Կոչուբաեւը։