Փաշինեան պիտի մեկնի Մոսկուա. 26-30 սեպտեմբերին, Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Համաշխարհային աթոմային շաբաթը՝ «World Atomic Week», որ մէկ յարկի տակ պիտի հաւաքէ աշխարհի տարբեր երկիրներու առաջնորդները, որոնք կը զարգացնեն աթոմային ծրագիրներ իրենց երկիրներուն մէջ: Միջոցառման հրաւիրուած է նաեւ Նիկոլ Փաշինեան եւ ըստ MediaHub-ի աղբիւրին՝ Փաշինեան պիտի մեկնի Մոսկուա: Աւելին՝ ան կ'ակնկալէ առանձին հանդիպում ունենալ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Այս առնչութեամբ Նիկոլ Փաշինեանի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Արմէն Խաչատրեան ըսած է.- «Վարչապետի այցերի մասին տեղեկատուութիւնը հաղորդւում է պատշաճ ժամկէտում»:
Աւելի վաղ Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա չէր բացառած, որ Փաշինեան մասնակցի «World Atomic Week»-ին:
Նշենք, որ վերջին անգամ Փաշինեան-Փութին հանդիպումը տեղի ունեցած է 31 օգոստոսին Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան գագաթնաժողովի ծիրէն ներս: Ասիկա առաջին հանդիպումն էր ուաշինկթընեան համաձայնութիւնը կնքուելէն յետոյ: