Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ՝ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ:
Զրուցակիցները քննարկած են իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ եւ այնտեղ տեղի ունեցող վերջին զարգացումները: Անոնք շեշտած են Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանիի ներքոյ խաղաղ գործընթացի վերսկսման կարեւորութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան քաղաքական կարգաւորման համար:
Վարչապետ Փաշինեան բարձր գնահատած է տարածաշրջանի տեւական խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ուղղութեամբ նախագահ Մաքրոնի գործադրած ջանքերը:
Կողմերը անդրադարձած են նաեւ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ շարք մը ոլորտներու մէջ համագործակցութեան խորացման հեռանկարներուն: