Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գնահատմամբ՝ Հայաստանի երկրորդ եւ երրորդ նախագահներու վերջին յայտարարութիւնները կը վերահաստատեն, որ «Ղարաբաղի հարցը յայտնի ուժերի ձեռքին եղել է թոկ Հայաստանի Հանրապետութիւնը «մօտակայ ծառից» կապելու համար»։
«Ժողովուրդների իրաւունքները, պատմական արդարութիւնը եւ նման եզրոյթները եղել են ընդամէնը հիմնական նպատակը ծխածածկելու համար»,-ընկերային հարթակներու էջերուն գրած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։
Վարչապետը պնդած է, որ բանակցային բոլոր գործընթացներն ու առաջարկները եղած են «թոկը կարճացնելու մասին (короткий поводок)»՝ աւելցնելով, որ մինչեւ տարեվերջ բանակցային բոլոր թուղթերը պիտի հրապարակուին, եւ այդ «աւելի տեսանելի կը դառնայ»։ Նոյն տրամաբանութեամբ, ըստ Փաշինեանի, ««Պատերազմը կանգնեցնելու» բոլոր առաջարկները եղել են թոկը կարճացնելու մասին»։
Փաշինեանը ներկայացուցած է իր գնահատականը այս գործընթացի վերջնանպատակի մասին.
«Թոկը կարճացնելու այս պրոցեսի վերջնանպատակը եղել է Հայաստանի պետականութեանը վերջ դնելը։ Ղարաբաղի կոնֆլիկտը պէտք է աւարտուէր միայն ու միայն Հայաստանի պետականութեան կորստով»,- գրած է Փաշինեանը։
Փաշինեանը մեղադրած է Քոչարեանը եւ Սարգսեանը՝ ըսելով, որ անոնք կ՚առաջարկեն վերադառնալ այն սենարին, որ ի սկզբանէ գրուած եւ իրագործուած է «Լենին, պարտիա, Գորբաչով» կարգախօսի եւ մեծ հաւանականութեամբ Պետական անվտանգութեան կոմիտէի (ՊԱԿ - КГБ) հովանու ներքոյ։
Ան աւելցուցած է, որ այս ուժերու հնարաւորութիւնները զէրոյական ըլլալու պատճառով, «փորձ է արւում ձեւաւորել «երիտլենինպարտիագորբաչովականների կոհորտա» հին КГБ–ականների հովանու ներքոյ», որու սպասուող արդիւնքը, ըստ անոր, պիտի ըլլայ «0+0=0»։