image

Փաշինեան եւ Շոլց քննարկած են հայ-ատրպէյճանակшն սահմանազատումը, տեղահանուած արցախցիներու խնդիրները

Փաշինեան եւ Շոլց քննարկած են հայ-ատրպէյճանակшն սահմանազատումը, տեղահանուած արցախցիներու խնդիրները

Պլենհայմեան պալատին մէջ տեղի ունեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ, յայտնած են ՀՀ կառավարութեան մամուլի ծառայութենէն:

Զրուցակիցները կարեւորած են Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ քաղաքական ու տնտեսական համագործակցութեան հետեւողական զարգացումն ու այդ ուղղութեամբ հետեւողական քայլերու իրականացումը: 

Անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին: Վարչապետ Փաշինեան ներկայացուցած է հայկական կողմի սկզբունքային դիրքոշումները սահմանազատման գործընթացի, տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման հնարաւորութիւններու վերաբերեալ: 

Քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած անձանց մարդասիրական խնդիրներուն եւ ատոնց լուծման քայլերուն վերաբերող հարցեր: Փաշինեան մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է այդ ուղղութեամբ ՀՀ կառավարութեան իրաականացուցած եւ յառաջիկային նախատեսուող երկարաժամկէտ ծրագրերու, այդ շարքին՝ բնակապահովման ծրագրի վերաբերեալ: Բռնի տեղահանուածներու կարիքները հասցէագրելու գործին մէջ կողմերը կարեւորած են նաեւ միջազգային հանրութեան շարունակական աջակցութիւնը:  

Զրուցակիցներն անդրադարձած են նաեւ Հայաստան-Եւրոպական միութիւն համագործակցութեան հետագայ զարգացման: