Երէկ յայտնի դարձած է փարիզահայ երկու երիտասարդներ Դատ Տէմիրեանի եւ Դրօ Մոմճեանին դէմ հրապարակուած պատիժները: Այս մասին կը տեղեկացնէ Hay.dzayn.am կայքը յղում ընելով Փարիզի իր աղբիւրներուն:
Ըստ աղբիւրին Նանթէռի դատարանին կողմէ երէկ հրապարակուած վճիռին համաձայն Դատ Տէմիրեանին սահմանուած է երեք ամսուան բանտարկութեան պատիժ, իսկ Դրօ Մոմճեանին մէկ ամսուան բանտարկութեան պատիժ մը: Կը նշուի նաեւ որ բանտարկութեան պատիժները երկու երիտասարդները պիտի անցընեն բանտէն դուրս ՝ պայմանական ռէժիմով:
Յիշեցնենք, որ Դատ Տէմիրեան եւ Դրօ Մոմճեան երիտասարդները երկու տարիներ առաջ ցասման արարքով մը նեղ կացութեան մատնած էին Ֆրանսայի մօտ Թուրքիոյ դեսպան ՝ Հաքքը Աքիլին Դէպքը տեղի ունեցած էր 2015 թուականին, երբ Դատ կարմիր հեղուկ սրսկած էր մինչ այդ խօսք արտասանող դեսպանին վրայ, մինչ Դրօ նկարահանած եւ համացանցի ճամբով տարածած էր եղելութիւնը:
Հայ երիտասարդներուն դէմ ընթացք առած դատական գործընթացի առաջին օրէն անոնց սատարած գլխաւոր միութիւնը հանդիսացած է Փարիզի մէջ գործող «Շարժում»ը: