image

Փարիզի տղոց դէմ թեթեւ վճիռներ. HayDzayn.am (Լուսանկար)

Փարիզի  տղոց  դէմ   թեթեւ վճիռներ. HayDzayn.am (Լուսանկար)

Երէկ յայտնի դարձած է փարիզահայ երկու երիտասարդներ Դատ Տէմիրեանի եւ Դրօ Մոմճեանին դէմ հրապարակուած պատիժները: Այս մասին կը տեղեկացնէ  Hay.dzayn.am կայքը  յղում   ընելով Փարիզի  իր աղբիւրներուն:  

 

Ըստ աղբիւրին Նանթէռի դատարանին կողմէ երէկ հրապարակուած վճիռին համաձայն Դատ Տէմիրեանին սահմանուած է երեք ամսուան բանտարկութեան պատիժ, իսկ Դրօ Մոմճեանին մէկ ամսուան բանտարկութեան պատիժ մը: Կը  նշուի նաեւ որ   բանտարկութեան   պատիժները  երկու երիտասարդները պիտի անցընեն    բանտէն  դուրս ՝ պայմանական   ռէժիմով:

 


Յիշեցնենք, որ  Դատ Տէմիրեան եւ Դրօ Մոմճեան  երիտասարդները երկու տարիներ առաջ ցասման արարքով մը նեղ կացութեան մատնած էին Ֆրանսայի մօտ Թուրքիոյ դեսպան ՝ Հաքքը Աքիլին Դէպքը տեղի ունեցած էր 2015 թուականին, երբ Դատ  կարմիր հեղուկ սրսկած էր մինչ այդ խօսք արտասանող դեսպանին վրայ, մինչ Դրօ նկարահանած եւ համացանցի ճամբով տարածած էր եղելութիւնը:

Հայ երիտասարդներուն դէմ ընթացք առած դատական գործընթացի առաջին օրէն անոնց  սատարած      գլխաւոր  միութիւնը  հանդիսացած է   Փարիզի մէջ գործող «Շարժում»ը: