image

Առողջ միջավայրը՝ կայուն զարգացման թիւ մէկ գրաւական. Արեւային վահանակները այդ առումով հիմնարար դեր ունին

Առողջ միջավայրը՝ կայուն զարգացման թիւ մէկ գրաւական. Արեւային վահանակները այդ առումով հիմնարար դեր ունին

Տարբեր առիթներով գրած ենք կայուն զարգացման առընթեր մաքուր միջավայր մը ստեղծելու մասին։ Ի հարկէ բաւական դժուար է այդ բոլորը ի մի բերել նկատի առնելով միջոցներու թանկութիւնը, պայմանները ու նաեւ Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը։

Մեր ժամանակներուն շատեր կը վազեն աժան միջոցներու ետեւէն, մոռնալու տալով, որ շրջակայ միջավայրը կեղտողելու փաստը աւելի թանկ կրնայ նստիլ, ոչ միայն իւրաքանչիւր շրջանի բնակիչներուն, այլ նաեւ մեր պետութեան համար։ 

Ու հոս կը գոյանայ, մէջտեղ կը բերուի բոլոր պարագաներուն ներքոյ հնարամիտ միջոցներով առաջ շարժուելու այլընտրանքը։ Ամէն տեղ չէ ի հարկէ, որ շատ արագ ու շատ հեշտ պիտի դառնայ ամենատարբեր միջավայրերու մէջ կիրարուած միջոցներուն սահուն եւ ապահով վերափոխումը։ 

Կայ մտադրութիւններու, կարծիքներու, կենսակերպի խնդիր ու այդ առումով է նաեւ, որ հանրութիւնը կարիքն ունի յաւելեալ ժամանակի։

Քայլ առ քայլ բացատրելով, շրջաններու բնակիչներուն հետ խօսելով եւ «հրամցուելիք» լուծումներուն մասին աչալուրջ կերպով խօսելով ու պատմելով կարելի պիտի ըլլայ կերտել նոր իրականութիւն։

Իրականութիւն մը, որ հեռու պէտք է ըլլայ ձեւական լուծումներէ ու ամէնակարեւորը իրականութիւն մը, ուր հաշուի առնուած պէտք է ըլլան մեր այսօրուան համահունչ լուծումները։ 

Նոր որակի ջերմուժ, կանաչ եւ ապահով միջոցներ ու այդ բոլորին զուգահեռ յստակ եւ երկարակենցաղ լուծումներ։

Այս ծիրէն ներս եւ որպէսզի կարելի ըլլայ դանդաղ ու կայուն միջոցներով բարեփոխել սահմանային, սահմաններու, կամ հեռաւոր շրջաններու համայնքներու կեանքը կարեւորագոյն ծրագիր մը առաջ կը մղէ «Զանգեզուրի Պղինձի եւ Մոլիբթէնի Կոմպինաթը», որ օրերս «Կայուն զարգացման» ոլորտին մաս կազմող իր ծրագիրներուն առընթեր ընթացք տուած է արեւային վահականեր տեղադրելու նոր արշաւի մը, որ իրականութիւն կը դառնայ Սիւնիքի շրջանին մէջ։

Ստորեւ «Արեւելք»ի մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ ծրագրին մասին (արեւմտահայերէնի վերածելով) հայրենի լրագրող՝ Հերմինէ Միքայէլեանի պատրաստած նիւթը։

 

Արեւային վահանակները՝ նուէր Սիւնիք գիւղական բնակավայրին

Հերմինէ Միքայէլեան

Կը շարունակենք աջակցիլ ազդակիր համայնքներուն

«Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային կոմբինատ»-ը (ԶՊՄԿ) ընկերային պատասխանատւութեան շրջածիրէն ներս կը շարունակէ տարբեր ծրագիրներ իրականացնել մարզի քաղաքներուն մէջ` առաջնահերթութիւնը տալով ազդակիր համայնքներուն: Այս անգամ հերթը Սիւնիք համայնքինն է` շրջակայ բնակավայրերով: Ձեռնարկութիւնն արեւային վահանակներով ու ջրատաքացուցիչներով պիտի ապահովէ 280 տուն: Ծրագրի աշխատանքներու առաջին փուլն արդէն մեկնարկած է:

Ընկերութեան կայուն զարգացման գծով տնօրէն Արմէն Ստեփանեանի խօսքով, անմասն չեն մնար ազդակիր համայնքներու հոգերու թեթեւացման ուղղուած ծրագիրները` մարմնամարզական, մշակութային ծրագիրներուն զուգահեռ:

Սիւնիք գիւղի բնակիչ Մինաս պապը ուշիուշով կը հետեւի մասնագէտներու աշխատանքին, չի հաւատար, որ շուտով պիտի ազատին ջեռուցման մեծ հոգէ մը. փայտ, հոսանք, կազ՝ ծախսերու ամբողջ փունջ մը: Ան ըսած է` տարիներ առաջ որդին փորձած էր սեփական ուժերով արեւային վահանակ տեղադրել, բայց չէր կրցած:

Սիւնիքի բնակիչ Մինաս Էխմալեանի պատմելով, իրենք ալ նպատակ ունէին արեւային վահանակներ տեղադրելու, նոյնիսկ չափագրումներն ըրած էին, սակայն չէին կրցած իրագործել:

Նոյն փողոցին վրայ ապրող Ամալիա տատը եւս երջանիկներու շարքին է: Արեւային վահանակի ու ջրատաքացուցիչի լուրը լսելուն պէս՝ ոգեւորուած է ու կը սպասէ:

Համագիւղացի Ամալիա Գրիգորեանն աւելացուցած է. «Անհամբեր սպասում եմ, որ տեղադրեն: Շնորհակալութիւն այս ծրագիրն իրականացնողներին»:

Մասնագէտներու խօսքերով, տեղադրուող արեւային սարքաւորումներն իրենց որակական յատկանիշներով շուկայի լաւագոյն տասնեակի ցանկին մէջ են:

Տեղադրող «Ֆրի էներճի» ընկերութեան ճարտարապետ Կարէն Էլիզբարեանի խօսքով, քանի որ Սիւնիք գիւղը կազով ապահովուած է, ջրատաքացուցիչներու միջինացուած խնայողութիւնը ամսուայ կտրուածքով պիտի ըլլայ 7000 8000 դրամ, ֆոթովոլթային կայանի մասով` 11,000 12,000 դրամ:

Տեղադրելու ժամանակ կը դիտարկուի տանիքներու ամրութեան աստիճանը, անհրաժեշտութեան պարագային ՝ կ՚իրականացուին յաւելեալ ամրացումներ:

Արեւային սարքաւումներու տեղադրումը տեղի պիտի ունենայ քանի մը փուլով: Նախ 38 տուներու մէջ պիտի դրուին, ապա հերթը պիտի հասնի նաեւ Սիւնիք գիւղի յարակից հինգ բնակավայրերուն:

Արմէն Ստեփանեան. «Դիտարկել ենք առաջնահերթութիւն ունեցող խնդիրները, որոնց մեծ մասը մեր ընկերութեան ազդեցութեան շրջանակից դուրս էին, առանձնացրել ենք այն ծրագրերը, որտեղ, ուղիղ կամ միջնորդաւորուած մասնակցութեամբ, կարող էինք օգտակար լինել։ Դրանցից է արեւային վահանակների եւ ջրատաքացուցիչների տեղադրումը: Ծրագիրը նաեւ բնապահպանական մեծ նշանակութիւն ունի՝ նպաստում ենք CO2-ի անուղղակի կրճատմանը»:

Կապան խոշորացուած համայնքի ղեկավար Մարատ Յարութիւնեանի խօսքով, ոչ ոք ծրագրէն դուրս պիտի մնայ, անոնք որոնք կարիք ունին` օժանդակութիւն պիտի ստանան:

Այսպիսով, ԶՊՄԿ-ն կը շարունակէ ազդակիր համայնքներու կողքին ըլլալ, ընկերային ծրագիրները կ՚ընտրուին՝ ելլելով նախանշուած առաջնահերթութենէն: Բացի այդ, ներդրումները կախուած են նաեւ տնտեսական ցուցանիշներէն: 

 

Նիւթը հրապարակման պատրաստեց՝ «Արեւելք»