image

Պէյրութի Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտներ կը մասնակցին Սեն Ժոզէֆ համալսարանի վարժողական ծրագրին

Պէյրութի Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտներ կը մասնակցին Սեն Ժոզէֆ համալսարանի վարժողական ծրագրին

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի 7-րդ դասարանի աշակերտները կը մասնակցին Պէյրութի Սեն Ժոզէֆ համալսարանի՝ «Աշակերտ Բանակցողներ» (Elèves médiateurs) անունով  յատուկ կրթական ծրագիրին, որուն նպատակն է պատանիները վարժեցնել տագնապներու լուծման (Conflict Resolution) եղանակներուն եւ սկզբունքներուն: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տեղեկատուական գրասենեակը:

Ցարդ Մեսրոպեանի աշակերտները ամբողջացուցած են վարժողական 10 դասապահ՝ դպրոցէն ներս: Յետագային կը նախատեսուին եւս չորս դասապահեր՝ Լիբանանի բազմաթիւ դպրոցներէն ընտրուելիք լաւագոյն 25 աշակերտներուն համար:

Ինչպէս կը նշէ աղբիւրը, Մեսրոպեանի տնօրէնութիւնը ընթացք տուած է սոյն ծրագրի գործադրութեան, կրթական առօրեայ աշխատանքներուն կողքին աշակերտներուն համար բազմակողմանի զարգացում ապահովելու նպատակով: