Լիբանանահայ երիտասարդներ պիտի ոգեկոչեն Հնչակեան գործիչ Սարգիս Տխրունիի յիշատակը: Այս մասին կը տեղեկանանք Պէյրութի «Արարատ» օրաթերթէն: Թերթը նաեւ կը գրէ, թէ վաղը, Կիրակի 18 Յունուարին Նոր Հաճնոյ Սուրբ Գէորգ Եկեղեցիին մէջ տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգստեան պաշտօն, որմէ ետք ներկաները պիտի ուղղուին Ֆըրն Ալ շըպաք շրջանի Ազգային գերեզմանատուն ոգեկոչելու համար կուսակցական գործիչին յիշատակը: Նշենք, որ այս տարի կը լրանայ Հնչակեան գործիչի մահուան 87-րդ տարելիցը: