image

Պէյրութ. Գումարուած Է ՍԴՀԿ 55-րդ Պատգամաւորական Ժողովը

Պէյրութ. Գումարուած Է ՍԴՀԿ  55-րդ Պատգամաւորական   Ժողովը

Պէյրութի մէջ  գումարուած է Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան  Կուսակցութեան  55-րդ պատգամաւորական ժողովը: Այս մասին    վերահասու  կը դառնանք  կուսակցութեան Պէյրութի օրկան «Արարատ»էն:  Ըստ հաղորդագրութեան, ժողովին Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ  մասնակցութիւն բերած են, փոխ ատենապետ պետական երեսփոխան Տիար  Սեպուհ Գալփաքեան եւ  տօքթ. Եղիկ Ճէրէճեան: Ժողովականները,  քննարկելէ ետք կուսակցութեան անցեալ շրջանի գործունէութիւնը, վերահաստատած են  լիբանանեան եւ ազգային քաղաքականութեան մէջ  անցեալի ուղղութիւնը, որն է` կառչած մնալ Լիբանանի գերիշխանութեան անկախութեան եւ պետականութեան սկզբունքներուն: Ազգային գետնի վրայ ժողովը որոշած է,  որ կուսակցութիւնը շարունակէ մնալ միասնականութեան եւ համագործակցութեան ջատագովը:  Ժողովը ընտրած է նոր Վարիչ Մարմին,  ատենապետութեամբ`  Տիար  Կիրակոս Թիւթիւնճեանի: