image

Պէյրութ բողոքի ալիքը կը շարունակուի. Օր 35 ցուցարարները «կը տօնեն» երէկուան յաղթանակը, մինչ քաղաքական անորոշութիւնը կը շարունակուի

Պէյրութ  բողոքի  ալիքը կը  շարունակուի.  Օր  35  ցուցարարները «կը տօնեն» երէկուան  յաղթանակը, մինչ  քաղաքական անորոշութիւնը կը շարունակուի

Ամիս մը առաջ    Լիբանանի  մէջ  ծայր  առած  բողոքի    ալիքը կը շարունակուի։

Այս  մասին տեղեկութիւն հաղորդող  աղբիւրներ կը  հաղորդեն, որ  երէկ  նախատեսուած խորհրդարանի  նիստի  տապալումը  ցուցարարները  համարած են կարեւոր յաղթանակ  վստահեցնելով, որ իրենք     կտրականապէս դէմ են քաղաքական  կառավարութեան մը կազմութեան։

Կը նշուի նաեւ, որ   հակառակ  անոր,  որ բանակն  այսօր   առաւօտ  կանուխ  վերաբացաւ  Պէյրութ  տանող   կարեւոր   ճանապարհները, կարգ մը նահանգներու մէջ           կարգ մը ճանապարհներ կը մնան  փակուած։

Այլ  գետնի վրայ  խումբ մը ուսանողներ հաւաքուած են    Պէյրութի  ելեկտրականութեան  գլխաւոր կեդրոնին  առջեւ,   կը   փորձեն  փակել  կեդրոն տանող  ճանապարհը։ Քաղաքական  առումով  երկիրը    յայտնուած է բաւականին բարդ դրութեան  մը մէջ եւ  ըստ  խորհրդարանի  նախագահ Նէպիհ Պըրրի,    ներկայիս «վիճակը աւելի  բարդացած է»։ 

Կը նշուի  նաեւ, որ    նոր վարչապետի նշանակման  վերաբերեալ    պարտադիր խորհրդակցութիւններու  ոեւէ  թուական չէ յայտարարուած, բան մը, որ   կը  բացայայտէ   քաղաքական տագնապին խորութիւնը։