Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ բանակցային գործընթացին պէտք է աջակցիլ ու ջանքեր գործադրել խաղաղութեան համար։ Այս մասին Պաքուի մէջ լրագրողներուն յայտնած է ԱՊՀ երկիրներու սահմանապահ զօրքերու հրամանատարներու խորհուրդի փոխնախագահ, համակարգող ծառայութեան նախագահ, զօրավար-գնդապետ Ալեքսանտր Մանիլովը։
«Հեռանկարներ միշտ կան, ու միշտ պէտք է ձգտիլ ատոր»,-ըսած է Մանիլովը։
Ան նշած է, որ Հայաստանի սահմանապահ ծառայութիւնը նոյնպէս մասնակցած է ԱՊՀ երկիրներու սահմանապահ զօրքերու հրամանատարներու խորհուրդի 86-րդ նիստին, որ 8 յունիսին տեղի ունեցած է Պաքուի մէջ։
«Յոյսով եմ, որ յաջորդ հանդիպման, որ պիտի կայանայ Հայաստանի մէջ, ներկայ կ'ըլլայ նաեւ Ատրպէյճանի պատուիրակութիւնը»,-աւելցուցած է ան։