image

Պետական բաժանմունքի գաղտնի հեռագիրը կը բացայայտէ Միացեալ Նահանգներու ամօթալի ճնշումը Հայաստանի ղեկավարներուն վրայ

Պետական բաժանմունքի գաղտնի հեռագիրը կը բացայայտէ Միացեալ Նահանգներու ամօթալի ճնշումը Հայաստանի ղեկավարներուն վրայ

Միացեալ Նահանգներու Պետական բաժանմունքը 24 Մարտ 2021-ին գաղտնազերծեց կառավարական «գաղտնի» հեռագիր մը՝ «Տեղեկատուութեան ազատութեան մասին» օրէնքի (FOIA) պահանջով։

Հեռագրին մէջ նկարագրուած են Քլինթընի վարչակազմին կողմէ 2000-ի Հոկտեմբերին ձեռնարկուած մեծագոյն ջանքերը՝ Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի քուէարկութիւնը արգելափակելու:

Բանաձեւը տապալելու համար ի գործ դրուած ջանքերու ծիրէն ներս, Պետական բաժանմունքի բարձրաստիճան պաշտօնեաները ճնշում գործադրեցին ոչ միայն Ներկայացուցիչներու պալատի ղեկավարութեան վրայ, այլեւ անբարոյ ձեւով՝ Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութեան վրայ: Կարծես թէ բաւականաչափ  անբարոյական  չէր Ցեղասպանութեան փաստը ժխտելն ու անոր ճանաչման գործընթացը խոչընդոտելը, ԱՄՆ կառավարութիւնը, աւելի հեռուն երթալով, փորձեց այնպէս ընել, որ զոհ դարձած հայ ժողովուրդի ղեկավարները աջակցին իրենց իսկ Ցեղասպանութեան ժխտման գործին։

16 Հոկտեմբեր 2000-ին թուագրուած «գաղտնի» հեռագրին մէջ նկարագրուած է Պետական բաժանմունքի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու զրոյցը Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Վարդան Օսկանեանի եւ Հայաստանի նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի հետ, Պալատին մէջ քուէարկութենէն քանի մը օր առաջ:

Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Տենիզ Հասթըրթ (հանրապետական), Քալիֆորնիա նահանգի Կլենտէյլ քաղաքի մէջ հայ համայնքի ղեկավարներու հետ աւելի կանուխ կայացած հանդիպման ընթացքին անձամբ խոստացած էր քվուէարկութեան դնել բանաձեւը հանրապետական գոնկրեսական Ճէյմզ Ռոկընի խնդրանքով, որ խիստ մրցավազքի մէջ էր՝ հայահոծ իր տարածքին մէջ վերընտրուելու համար։    

Պետական քարտուղար Մատըլին Օլպրայթ նամակներ յղած էր խօսնակ Հասթըրթի եւ Դեմոկրատական փոքրամասնութեան  ղեկավար  Ռիչըրտ Կեփհարթի՝ դէմ արտայայտուելով բանաձեւին։ Նմանատիպ նամակ յղած էր նաեւ պաշտպանութեան նախարար Ուիլեըմ Քոէն: Միեւնույն ժամանակ, Թուրքիոյ ղեկավարները կը սպառնային խզել քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական յարաբերութիւնները Միացեալ Նահանգներու հետ, եթէ բանաձեւը ընդունուէր:

Նոր բացայայտուած հեռագրին մէջ նկարագրուած է պետական քարտուղարի տեղակալ Սթրոպ Թալպոթի եւ Օսկանեանի հեռաձայնային զրոյցը՝ Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ նախատեսուած քուէարկութենէն քանի մը օր առաջ: Ահա թէ ինչ ըսուած է հեռագրին մէջ․ «Սթրոպ ներկայացուց հիմնական գաղափարը․ կ՛ուզեմ ընդգծել, թէ ինչո՛ւ կը կարծենք, որ կարեւոր է յետաձգել կամ տապալել բանաձեւը․ յոյսով եմ, որ Դուք (Օսկանեան) կ՛աջակցիք կամ գոնէ չէք խոչընդոտեր Բլուրի վրայ (Գոնկրեսի մէջ) աշխատելու մեր ջանքերը․ Սթրոպ շեշտեց բռնութեան հաւանականութիւնը, եթէ բանաձեւը ընդունուի, եւ նշեց միւս բոլոր բացասական հետեւանքները, ինչպիսիք էին՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ տարակարծութիւններէն ետք իրաքեան սխալ հաշուարկի վտանգները, Լեռնային Ղարաբաղի գործընթացի վտանգումը, հայ-թրքական յարաբերութիւններու հետեւանքները եւ հայերու խոցելիութիւնը Թուրքիոյ մէջ․․․: Սթրոպ ընդգծեց, որ Հայաստանի կառավարութեան դիրքորոշումը շատ կարեւոր է»:

Այն, ինչ որ Թալպոթ ըսած էր Օսկանեանի, սուտ էր: Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ երկու բանաձեւերը, որոնք նման էին սպասուող բանաձեւին, արդէն ընդունուած էին Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ, 1975-ին եւ 1984-ին: Ոչ մէկ բացասական հետեւանք եղաւ աւելի կանուխ բանաձեւերու ընդունման իբրեւ արդիւնք: Թրքական սպառնալիքները դատարկ «պլըֆ» էին, ինչպէս տեսանք նախագահ Պայտընի կողմէ 24 Ապրիլ 2021-ին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումէն ետք։ Աշխարհը կանգ չառաւ: Միացեալ Նահանգներու պաշտօնատարներ որքան շատ արձագանգեցին Թուրքիոյ սպառնալիքներուն, այնքան աւելի մեծ համարձակութեամբ Թուրքիոյ ղեկավարները օգտագործեցին վախցնելու իրենց մարտավարութիւնը:

Ասկէ զատ, պետական քարտուղարի տեղակալ Թալպոթ անամօթաբար խնդրած է Օսկանեանէն՝ աջակցիլ բանաձեւի յետաձգման կամ տապալման: Նոյնն է թէ՝ զոհերէն խնդրեն քողարկել իրենց դահիճներուն յանցագործութիւնները, կամ Իսրայէլի ղեկավարներէն օգնութիւն խնդրուի Ողջակիզումը ճանչցող բանաձեւը տապալելու համար․․․

Ի պատասխան՝ Օսկանեան Թալպոթի ըսած էր, որ ինք նոր խօսած է նախագահ Քոչարեանի հետ։ Հեռագրին մէջ կը նշուի, որ «երկուքը համաձայն էին, որ թուրքերէն շօշափելի բան կը պահանջուի, բանաձեւի օգտին անընդհատ աճող թափը զսպելու համար: Թրքական կողմէն  պահանջուող այդ «քաղաքական նուազագոյն»ին բացակայութեան պարագային,  քաղաքական ներքին ինքնասպանութիւն կ՛ըլլար հարցի խոչընդոտումը Գոնկրեսի կողմէ ընդունման ճանապարհին: Սակայն հայերը համաձայն էին պարզապէս փակ պահել իրենց բերանները, քանի դեռ մենք կ՛աշխատինք Բլուրի վրայ, ըսաւ ան։ Ըստ էութեան, ան կը պնդէ, որ Հայաստանի կառավարութեան դիրքորոշումը միշտ եղած է այն, որ ասիկա Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան հարցն է, եւ թէ իրենք ոչ մէկ կապ ունին այս հարցին հետ»:

Վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ Օսկանեան արտայայտեց երկու տեսակէտ, մէկը՝ ճիշդ, միւսը՝ սխալ: Ան ճիշդ էր, երբ կ՛ըսէր, որ Հայաստանի կառավարութեան համար կ՛ըլլար «քաղաքական ինքնասպանութիւն», եթէ դէմ ըլլար Հայոց  Ցեղասպանութեան  մասին Գոնկրեսի բանաձեւին: Այսուամենայնիւ, Օսկանեան կը սխալէր, երբ կ՛ըսէր, որ Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի ընդունումը Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան հարցն է, եւ որ Հայաստան ատոր հետ ոչ մէկ կապ ունի․․․: Ինչպէ՞ս կրնայ հայ պաշտօնեան այսպիսի  սխալ  յայտարարութիւն ընել: Հայոց Ցեղասպանութիւնը կարեւորագոյն  հարց  է Հայաստանի կառավարութեան եւ ամբողջ աշխարհի հայութեան համար: Ակնյայտ է, որ Օսկանեան կը փորձէր Հայաստանը  հեռու պահել  այս  բանաձեւէն` Պետական բաժանմունքը հանգստացնելու համար: Միեւնոյն ատեն, Թուրքիա ամէն ինչ կ՛ընէր, որպէսզի տապալէր Ցեղասպանութեան բանաձեւը։ Թուրք պաշտօնեաները երբեք չեն յայտարարած, որ ասիկա Միացեալ Նահանգներու ներքին քաղաքականութեան հարցն է․․․

Ըստ հեռագրին՝ այնուհետեւ Թալպոթ Օսկանեանի ըսած է, որ Ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունումը կը խաթարէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները եւ կը կասեցնէ «ամբողջ ճշմարտութիւնն ու հաշտեցման  գործընթացը, որ ինքնին շատ աւելի  մեծ արժէք ունէր Հայաստանի համար, քան բանաձեւը»: Ասիկա Թալպոթի հերթական սուտն է, որ կոչուած էր խաբելու հայերը՝ Թուրքիոյ հետ «հաշտուելու», առանց  Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ առանց պատասխանատուութեան ենթարկելու Թուրքիան, Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն համար: Ցաւօք, Միացեալ Նահանգներու նախաձեռնած «հաշտեցման» այս անիմաստ եւ  անարդիւնաւէտ  ջանքերը  քանի  մը  ամիս  անց  պաշտօնականացուեցան` «Հայ-թրքական հաշտեցման յանձնախումբ» անուան տակ։

Ապա հեռագրին մէջ կը նկարագրուէր Սթիւըն Սեսթանովիչի հեռաձայնային զանգը նախագահ Քոչարեանի, 16 Հոկտեմբեր 2000-ին։ Սեսթանովիչ եղած է Պետական քարտուղարի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան եւ նախկին Խորհրդային Միութեան նորանկախ պետութիւններու գծով (ԱՊՀ) յատուկ խորհրդական։  

Ըստ հեռագրին՝ Քոչարեան Սեսթանովիչի ըսած է, որ «(Հայոց Ցեղասպանութեան) հարցին նկատմամբ ուշադրութիւնը եւ անոր քննարկումը Թուրքիոյ լայն շրջանակներու եւ մամուլի մէջ յառաջ բերած են դրական տեղաշարժ․․․:  Փոխանակ պատրաստուելու վրէժխնդրութեան, Անգարա պէտք է զայն պարզապէս դիտարկէ իբրեւ Միացեալ Նահանգներու ներքին հարց»: Անկէ ետք Սեսթանովիչ փորձեց վախցնել նախագահ Քոչարեանը՝ ըսելով, որ Ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունումը վտանգի տակ կը դնէ Հայաստանը եւ Թուրքիոյ հայ համայնքը: Միացեալ Նահանգներու պաշտօնեան կանխատեսեց նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ անկարգութիւններ եւ ահաբեկչութիւններ ամերիկացիներու դէմ:

Աւելի ուշ Քոչարեան յայտարարեց, որ Հայաստան «բաց է երկխօսութեան համար՝ իբրեւ հաշտութեան գործիք» Թուրքիոյ հետ: Բայց ան ըսաւ, որ զինք «չի մտահոգեր Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հայերու դէմ  հակազդեցութիւնը»: Քոչարեան ճիշդ նկատեց. «Չեմ կարծեր, որ Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ կարիքը ունի այնքան, որքան Թուրքիա՝ Միացեալ Նահանգներուն, եւ երկիրներ պէտք չէ մտածեն, որ կրնան «շանթաժ»ի ու սպառնալիքներու միջոցով լուծել հարցերը»:

Այնուհետեւ հեռագրին մէջ նշուած է, որ Քոչարեան Թուրքիոյ հետ հնարաւոր երկխօսութեան երեք ուշագրաւ օրինակներ ներկայացուցած է՝ առանց մանրամասնելու.

1) «Թուրքիայէն հայ գործարար մը վերջերս իրեն առաջարկած է այնպիսի երկխօսութեան գաղափար մը, որ կրնայ  ընդունելի ըլլալ»:

2) «Քոչարեան եւս մտածած է նամակ գրել Թուրքիոյ նախագահին՝ մտահոգութիւն յայտնելով, բայց չէ ուզած որեւէ բանի դիմել, քանի դեռ իրավիճակը որոշ չափով չէ հանդարտած»:

3) Քոչարեան «մատնանշեց հայ-թրքական գործարար յարաբերութիւնները, որոնց շարքին՝ Գիւմրիի մէջ հիւսուածեղէնի գործարանի ծրագրաւորուած մասնաւորեցումը թուրք ներդրողին (Netex Textile), (ինչպէս նաեւ) համալսարաններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու փոխանակումները»:

Հեռագրին մէջ նաեւ կը նշուի՝ «Քոչարեան եզրակացուց, որ երկարաժամկէտ հեռանկարով   Հայաստան չի կրնար բնական յարաբերութիւններ կառուցել Թուրքիոյ հետ՝ առանց Ցեղասպանութեան անդրադառնալու»:

Վերջին վայրկեանին,  19 Հոկտեմբեր 2000-ին, խօսնակ Հասթըրթ չեղեալ յայտարարեց Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի քուէարկութիւնը՝ իբրեւ արդարացում օգտագործելով նախագահ Պիլ  Քլինթընի  նամակը,  ուր վերջինս «խստագոյն արտայայտութիւններով» յորդորած է Հասթըրթը՝ քուէարկութեան չբերել բանաձեւը:

Զարմանալի չէ, որ Ներկայացուցիչներու պալատէն թոշակի անցնելէ ետք ե՛ւ Հասթըրթ, ե՛ւ Կեփհարթ վարձուեցան Թուրքիոյ կողմէ՝ իբրեւ Ուաշինկթընի մէջ վարձատրուող լոպիիստներ: Աւելի ուշ Հասթըրթ դատապարտուեցաւ եւ բանտարկուեցաւ դրամատնային խարդախութիւններու համար՝ երիտասարդ տղաներու նկատմամբ իր սեռական ոտնձգութիւնները կոծկելու նպատակով: Ան նաեւ կը մեղադրուէր թուրքերու կողմէ կաշառք եւ քարոզարշաւի անօրինական նուիրատուութիւններ ստանալու մէջ`Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի ընդունումը կանխելու համար:

Քլինթըն խայտառակ նախագահ էր, որ դրժեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իր խոստումը: Բացի Քլինթընէն, իրենց խոստումները դրժեցին նաեւ նախագահներ Ճորճ Պուշ աւագ,  Ճորճ Պուշ կրտսեր եւ Պարաք Օպամա։  Թէեւ  նախագահ  Թրամփ  չէր  խոստացած ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, սակայն ան եւս չճանչցաւ զայն: Ասոնց բոլորին անունները պէտք է փորագրուին հանրային «Ամօթանքի պատ»ին վրայ։

Յարութ Սասունեան

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան