Միացեալ Նահանգներու նախագահը հերթական անգամ յայտարարած է, որ Իրանի ուղղութեամբ մեծ նաւատորմ կը շարժի՝ նոյնիսկ աւելի մեծ, քան եղած է Վենեզուելայի ափերու մօտ:
Սպիտակ տան մէջ լրագրողու հարցին՝ արդեօք գործարք կնքելու համար Թեհրանին վերջնաժամկէտ ներկայացուա՞ծ է, Տանըլտ Թրամփ պատասխանած է՝ այդ մասին գիտեն միայն իրանցիները:
ԱՄՆ նախագահը նաեւ յստակ պատասխան չէ տուած հարցին՝ արդեօք Ուաշինկթընը Իրանի պարագային պիտի կրկնէ՞ վենեզուելական սենարը, երբ ամերիկեան ուժերը Քարաքասի մէջ ձերբակալեցին Նիքոլաս Մատուրոն: Թրամփ նշած է, որ չուզեր խօսիլ ռազմական հարցերու մասին, ան միայն յիշեցուցած է, որ Իրանի ուղղութեամբ հզօր նաւատորմ ունին:
ԱՄՆ նախագահը համոզմունք յայտնած է, որ Թեհրանը կ՚ուզէ գործարքի հասնիլ: