Պելառուսիոյ վարչապետ Ալեքսանտր Թուրչինը, որ պաշտօնական այցով կը գտնուի Ատրպէյճան, այցելած է բռնագրաւուած Արցախի տարածքներ:
Ան, մասնաւորապէս, Ատրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատովի հետ այցելած է Վարանդա (Ֆիզուլի) քաղաք: Նախատեսուած է նաեւ այց Ակնայի (Աղդամ) արդիւնաբերական պարտէզ։
Աւելի վաղ հաղորդուած է, որ Թուրչինովը հանդիպած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: