Իսրայէլեան ուժերու կողմէ նոյեմբեր 28-ին Դամասկոսի շրջանի Պէյթ Ճին բնակավայրի թիրախաւորման հետեւանքով զոհուած է 13, վիրաւորուած է` 25 մարդ։ Այս մասին յայտնած է Syria TV-ն։
Հեռուստաալիքի լրագրողը յայտնած է, որ հրետակոծութիւնը տեղի ունեցած է բնակիչներու եւ Պէյթ Ճին ներխուժած իսրայէլեան ուժերու միջեւ բախումներէն եւ երեք երիտասարդ տղամարդոց ձերբակալութենէն ետք։
Իսրայէլեան յարձակման հետեւանքով տեղի բնակիչները սկսած են գաղթել դէպի հարեւան գիւղեր։
Սուրիոյ քաղաքացիական պաշտպանութիւնը յայտարարած է, որ չէ կրցած մտնել Պէյթ Ճին՝ բնակավայրի մուտքերու մօտ իսրայէլեան ուժերու շարունակական թիրախաւորման պատճառով։
Սուրիական SANA գործակալութեան տեղեկացմամբ՝ նոյեմբեր 27-ին իսրայէլեան ուժերը հրետանային արկերով թիրախաւորած են Քունէյթրայի եւ Տարաայի շրջաններու քանի մը բնակավայրեր։
Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը յայտնած է, որ վերջին քանի մը շաբթուան ընթացքին հաւաքուած հետախուզական տեղեկատւութեան հիման վրայ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի զօրքերը գործողութիւն մեկնարկած են «Ճամա Իսլամիյա» ահաբեկչական կազմակերպութեան ենթադրեալ անդամները ձերբակալելու համար։
Հաղորդագրութեան համաձայն՝ կասկածեալները գործած են Սուրիոյ հարաւը գտնուող Պէյթ Ճինի շրջանին մէջ եւ ահաբեկչական յարձակումներ կատարած են Իսրայէլի քաղաքացիներու դէմ։
Գործողութեան ընթացքին իսրայէլցի 6 զինուորական վիրաւորուած է։
«Գործողութիւնն աւարտած է, բոլոր կասկածեալները ձերբակալուած են, եւ որոշ ահաբեկիչներ վերացուած են», - նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։