Հայաստանը պէտք է ընտրութիւն կատարէ տարածաշրջանային համագործակցութեան եւ իր հարեւաններու նկատմամբ անօրինական ու անհիմն տարածքային պահանջներու միջեւ։ Այս մասին ըսուած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի՝ պաշտօնական մամուլի մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ։
«Այս հարցով, ի հարկէ, կարեւոր է նաեւ միջազգային հանրութեան դերը, չափազանց կարեւոր է չաջակցիլ Հայաստանի վրէժխնդրութեան փորձերուն»։