ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը, մեկնաբանելով Փեքինի մէջ կայացող Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին յաղթանակի 80-ամեակի տօնակատարութիւնը, յայտարարած է, որ Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինը, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը եւ Հիւսիսային Քորէայի առաջնորդ Քիմ Չեն Ընը «դաւեր կը նիւթեն ԱՄՆ-ի դէմ»։ Այս մասին ան գրած է իր Truth Social հարթակին վրայ:
«Թող նախագահ Սին եւ Չինաստանի հրաշալի ժողովուրդն ունենան հիանալի եւ անմոռանալի տօնակատարութիւն։ Կը խնդրեմ, իմ ամենաջերմ մաղթանքները փոխանցեցէք Վլատիմիր Փութինին եւ Քիմ Չեն Ընին, մինչ դուք անոնց հետ միասին դաւեր կը նիւթէք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դէմ», - գրած է Թրամփը։
Սպիտակ տան ղեկավարը նաեւ յիշեցուցած է «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ Չինաստանին ցուցաբերուած «հսկայական աջակցութեան եւ «թափած արեան» մասին, որ անոր օգնէ ազատութիւն ձեռք բերել շատ թշնամական օտարերկրեայ զաւթիչէն»։
«Բազմաթիւ ամերիկացիներ զոհուած են՝ պայքարելով Չինաստանի յաղթանակի եւ փառքի համար։ Յոյսով եմ՝ անոնք իրաւամբ կը մեծարուին եւ կը յիշուին իրենց քաջութեան ու զոհաբերութեան համար», - գրած է Թրամփը։