image
Հրատապ լուրեր:

Պայրամով գոհ չէ բանակցութիւններէն

Պայրամով գոհ չէ բանակցութիւններէն

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Հայաստանին կոչ ըրած է աւելի շատ ջանքեր գործադրելու երկու երկիրներու յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար։ Այս մասին յայտնած է interfax.az-ը:

«Մենք կոչ կ'ընենք հայկական կողմին բարի կամք դրսեւորելու եւ աւելի շատ ջանքեր գործադրելու բոլոր ուղղութիւններով յարաբերութիւնները կարգաւորելու քննարկումներուն», - երկուշաբթի ըսած է Պայրամով Վիլնիւսի մէջ իր լիթվացի գործընկեր Կապրիէլիուս Լանտսպերկիսի հետ բանակցութիւններէն յետոյ։

Ան նշած է, որ չնայած երկկողմ շփումներու որոշակի շարժումին, առաջընթացը, որ ձեռք բերուած է տարբեր ոլորտներու մէջ, մասնաւորապէս խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծի շուրջ, որ կը սահմանէ երկկողմ յարաբերութիւններու հիմքերը, պետական սահմաններու սահմանազատումը եւ փոխադրային ու հաղորդակցական կապերու վերականգնումը, «դեռ չէ արդարացուցած ատրպէյճանական կողմի սպասելիքները»։

«Մենք կը կարծենք, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները կարգաւորելու լաւագոյն ճանապարհը հիմնուած է ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման եւ յարգանքի վրայ», - ըսած է Պայրամով՝ աւելցնելով, որ Ատրպէյճանի դիրքորոշումն այս հարցին մէջ «յստակ, սկզբունքային եւ մշտական է»։