Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը` ընկերակցութեամբ բազմանդամ պատուիրակութեան մը, հինգշաբթի, 3 դեկտեմբեր կէսօրին այցելութիւն մը տուաւ վարչապետ Թամմամ Սալամին, վարչապետարան:Ջերմ մթնոլորտի մը ներքեւ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին, վարչապետը անգամ մը եւս ողջունեց եւ շնորհաւորեց ամենապատիւ հոգեւոր տէրը իր ընտրութեան եւ գահակալութեան առթիւ: Ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց նոր եպիսկոպոսներուն` Գէորգ եպս. Ասատուրեանի եւ Սարգիս եպս. Դաւիթեանի ձեռնադրութիւնը: Հոգեւոր տէրը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Սալամին իր շնորհաւորութիւններուն համար եւ մաղթեց, որ ինք շարունակէ իր խաղաղարար աշխատանքը այնպէս ինչպէս կը յուշէ իր անունը: Այնուհետեւ տեղի ունեցած սրտբաց խօսակցութեան ընթացքին շեշտուեցաւ նախագահական ընտրութիւնը օր առաջ կայացնելու կարեւորութիւնը եւ զրոյցը շօշափեց երկիրը եւ ընդհանրապէս լիբանանցիները յուզող ապահովական, քաղաքական, ընկերային, տնտեսական խնդիրները, եւ անոնց լուծումը երկխօսութեամբ ու միասնականութեամբ հետապնդելու հրամայականը: