Օրերս Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի Վարիչ Մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելութիւն տուած է երկրի նախագահ՝ Զօր. Ժոզէֆ Աունին։
Եղելութեան մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ ՍԴՀԿ Դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝
Այսօր Հինգշաբթի, 3 Յուլիս 2025-ի առաւօտեան, ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմնի պատուիրակութիւնը գլխաւորութեամբ ատենապետ ընկ. Վանիկ Տագէսեանի պաշտօնական հանդիպում մը ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահ զօրավար Ժոզէֆ Աունի հետ: Քննարկուցան երկրին մէջ տիրող իրավիճակը եւ տարածաշրջանային հարցեր։ Վարիչ Մարմնի ընկերները աջակցութիւն յայտնեցին Նախագահին եւ հաստատեցին Հնչակեան կուսակցութեան նեցուկը Հանրապետութեան Նախագահին եւ կառավարութեան։