image

«Պատերազմէն մէկ տարի անց, խաղաղութիւն չէ հաստատուած». Kommersant-ի արձագանգը

«Պատերազմէն մէկ տարի անց, խաղաղութիւն չէ հաստատուած». Kommersant-ի արձագանգը

ԱՊՀ երկիրներու արտաքին գործերու նախարարներու խորհուրդի նիստը Մինսքի մէջ լաւ առիթ էր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպման համար: Այս մասին կը գրէ ռուսական «Քոմերսանթ»-ը՝ վերլուծելով նախարարներուն հնչեցուցած ելոյթներն ու ստեղծուած բանակցային իրավիճակը:

«Երկու դիւանագէտներն ալ առաւելագոյնս օգտագործեցին այս հարթակը. անոնք անհատական յայտարարութիւններ կատարեցին, առանձնազրոյց ունեցան ռուս գործընկերոջ՝ Սերկէյ Լաւրովի հետ, եւ վերջապէս երեքով հանդիպեցան նոյն սեղանի շուրջ: Սակայն միակ հարցը, որու շուրջ անոնք յաջողեցան համաձայնութեան գալ, այն է, որ պատերազմի աւարտէն յետոյ անցած մէկ տարին այդպէս ալ խաղաղութիւն չբերաւ տարածաշրջանին», կը նկատէ յօդուածին հեղինակը:

Նախքան հանդիպումը, Պայրամով որոշեց հանդէս գալ յայտարարութեամբ. «Ատրպէյճանը պատրաստ է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման՝ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու հիման վրայ՝ յարգելով տարածքային ամբողջականութիւնը եւ սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը»: Վերջինս նշած էր նաեւ, որ հակամարտութիւնը անցեալ է:

«Ինչպէս յայտնի է, հայկական կողմը բոլորովին այլ տեսակէտ ունի: Օրինակ, վերջերս Մոսկուա այցելած Նիկոլ Փաշինեանը կը նշէր, որ «ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կը մնայ չլուծուած»: Արարատ Միրզոյեանը Մինսքի մէջ ելոյթ ունեցած է նոյն ոգիով: Վերջինս ընդգծած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորումը ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի շրջանակին մէջ մեծ աւանդ պիտի ըլլայ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ», կը ներկայացնէ պարբերականը:   

«Խօսելով ԱՊՀ զարգացման մասին՝ Միրզոյեան մատնանշած է «ժողովուրդներու հաւասար իրաւունքներու սկզբունքի եւ ինքնորոշման իրաւունքի» պահպանման անհրաժեշտութիւնը: Նախարարը նշած է, որ այդ հարցը բարձրացուցած է «Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծած ռազմական յարձակման» ծիրին մէջ», կը նկատէ հեղինակը:

Յայտարարութիւններէն յետոյ նախարարները առանձին հանդիպումներ ունեցած են Լաւրովի հետ, ապա նաեւ՝ եռակողմ: Ինչպէս կը նկատէ աղբիւրը, հանդիպումներու աւարտին հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութիւններէն կարելի է դատել, որ երկու կողմն ալ գրեթե միանման դժգոհ են 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի համաձայնագրի կէտերու ոչ-ամբողջական իրականացումէն:

«Մէկ այլ հարց է, որ այդ խօսքերուն մէջ անոնք լրիւ տարբեր միտք կը դնեն: Ըստ էութեան, հայկական կողմին յայտը պահուող անձերու անյապաղ վերադարձն է, որոնք տակաւին կը գտնուին Պաքուի մէջ, սակայն գլխաւորը ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան պարտադիր երկարաձգումն է յաջորդ հինգ տարուան համար: Պայրամովը, իր հերթին, յղում ընելով փաստաթուղթի որոշ կէտերու իրականացման, ուշադրութիւն հրաւիրած է մէկ այլ բանի», կը նշէ յօդուածագիրը՝ յաւելելով, որ Պայրամովը ուշադրութիւն հրաւիրած է հաղորդակցական ուղիներու բացման ու սահմանազատման գործընթաց սկսելու:

Հանդիպման աւարտին, Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութենէն հաղորդագրութիւն տարածած են՝ ըսելով, որ «պայմանաւորուած են ախշուժացնել աշխատանքները մնացեալ հարցերուն շուրջ»:

«Սակայն Հինգշաբթի երեկոյեան եւս մէկ անգամ հաստատուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բազմաթիւ խնդիրներու առկայութիւնը», կը գրէ պարբերականը՝ անդրադառնալով Արցախի ուղղութեամբ ատրպէյճանական ուժերու հնչեցուցած կրակոցներուն, որոնց հետևանքով վեց զինուոր վիրաւորում ստացած է: