image

Պատառիկ մը Արշաւիր Յովսէփեանի կենսագրութիւնէն

 Պատառիկ մը Արշաւիր Յովսէփեանի կենսագրութիւնէն

 Լիբանանահայ ազգային-քաղաքական կեանքին մէջ իր ուրոյն տեղն ու դերը ունեցած է հանգուցեալ Արշաւիր Յովսէփեան։ 

Մասնաւորապէս Լիբանանի քաղքացիական պատերազմի փուլը նախորդած տարիներուն ան անդամ դարձած է ՀՅԴ վերին մարմիններու եւ մշտական ներկայութիւն համայնքի կեանքը յուզող բոլոր հիմնական զարգացումներու ժամանակ։

Լոյսին բերելու համար անոր թողած մեծարելի աւանդն ու գործը, օրերս անոր որդին՝ ամերիկահայ ազգային-քաղաքական գործիչ՝ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան յանձնառութիւնը առած է ներկայացնելու դրուագներ Արշաւիր Յովսէփեանի կեանքի պատառիկներէն։

 Պատմական լուսանկարներու ընկերակցութեամբ ներկայացուող գրառումները կարեւոր լոյս կը սփռեն, ոչ միայն Լիբանանի հայկական համայնքի այդ օրերու ընդհանուր իրավիճակին վրայ, այլ նաեւ իսկական պատուհաններ են հասկնալու համար երկրի ներքին-քաղաքական զարգացումներն ու հայկական համայնքին ու յատկապէս ՀՅԴ-ի ընդհանուր տեսակէտներն ու քաղաքական մօտեցումները։

 

 Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան կը գրէ ՝

Լիբանանի նախագահներու հետ ՀՅԴ ղեկավարութեան հանդիպումներու շարքին էր 1970-ին խորհրդարանի մէջ 3-րդ քուէարկութեամբ եւ 1 քուէի առաւելութեամբ ընտրուած Սիւլէյմէն Ֆրանժիէն, որ ճանչցուած էր իր կոշտ եւ անխնայ ոճով։

 

Իր հասցէին եղած ամէնէ տարածուած ամբաստանութիւնը այն էր, թէ 1957-ին եկեղեցւոյ մը մէջ, իր ընտանիքին հակառակորդ մէկ այլ ընտանիքի (Տուէհի) 20-է աւելի անդամներ գնդակահարումը կազմակերպած է, որուն իբրեւ հետեւանք փախած է, ու ապաստանած Սուրիոյ Լաթաքիա քաղաքը, ուր ընկերացած է ապագայ նախագահ, իսկ այդ օրերուն բանակի զօրավար Հաֆէզ Ալ-Ասատին։ 1958-ին, ընդհանուր ներումի մը շնորհիւ, կը վերադառնայ Լիբանան ու մուտք կը գործէ քաղաքականութեան մէջ՝ միշտ վայելելով Սուրիոյ զօրակցութիւնը։

 

1973-ին, Լիբանանի օդուժին կը հրահանգէ ռմբակոծել պաղեստինեան գաղթակայան մը, համոզուած ըլլալով թէ պաղեստինցիներու ոյժը սկսած էր մտահոգիչ չափերու հասնիլ։ 1975-ի Ապրիլին, սկիզբ կ՚առնէ քաղաքացիական պատերազմը, որուն բարդացումին մէջ կը նշուի Ֆրէնժիէի առած որոշ քայլերը, մինչ 1976-ի կէսերուն ան կը հրաւիրէ սուրիական զօրքերը մուտք գործելու Լիբանան՝ իբր թէ խաղաղութիւն հաստատելու համար։ Կը մահանայ 1992-ին, յետ հիւանդութեան։ Նկարին մէջ ձախէն աջ՝ Յակոբ Իսկէնտերեան (գործավար), Հրաչ Թուրիկեան, Մելքոն Էպլիղաթեան (երեսփոխան), Նախ. Ֆրէնժիէ, Սարգիս Զէյթլեան, Արշաւիր Յովսէփեան, Ցոլակ Թիւթելեան։