Անցնող օրերուն Երեւանի «ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիա»էն ներս կայացաւ աշխարհաբառ հայերէնի երկու ճիւղերու «մերձեցման» խնդիրներու նուիրուած գիտաժողովը: Տարբեր երկիրներէ Հայաստան ժամանած սփիւռքահայ լեզուաբաններ իրենց Հայաստանցի գործընկերներուն հետ քննարկեցին աշխարահաբառ հայերէնը յուզող հիմնահարցերը: Հնչեցին բազմապիսի տեսակէտներ, մտահոգութիւններ եւ լսելի դարձան այսօրուան մեր լեզուի տագնապին մասին թելադրանքներ: Խորքին մէջ, այս գիտաժողովը առաջինը չէր իր տեսակին մէջ: Տարիներ առաջ նման գիտաժողով մը կայացուած էր Մեծի Տանն Կիլիկոյ կաթողիկոսութիւնը՝ Պիքֆայաի դպրեվանքէն ներս: Հոն եւս ներկայ եղան հայրենի լեզուագէտներ ու բոլորը միասնաբար մատնացոյց ըրին, որ հայոց լեզուն տագնապալի օրեր կ'ապրի: Այս ժողովներուն մէջ ամէնէն հիմնական շեշտը կը դրուէր արեւմտահայերէնին վրայ ըսելով, որ արեւմտահայերէն լեզուն «մահուան սնարին» մէջ է: Նոյնը բարձրաձայնած էր Իւնէսքոն: Ու այսօր նոյնը կ'ըսեն Հայաստանի լեզուական- հայագիտական հարցերով զբաղող մասնագէտները: Երեւանի մէջ կայացած գիտաժողովը որոշիչ դեր մը ունենալու բանալի կռուանները չունի: Նոյն կարգավիճակի մէջ մնաց Պիքֆայայի համաժողովը, որուն կողմէ բարձրաձայնուած մտահոգութիւնները մնացին թանաք ՝ սպիտակ թերթերու վրայ: Ոչ մէկ գործնական քայլ, ոչ մէկ աշխատանք, ոչ մէկ առաջընթաց: Պարզապէս մտահոգութիւններու ալիք կորուստի ջուրերուն մէջ ինկած հայոց լեզուին դիմաց:
Իրօք ինչպէս պիտի փրկուի հայոց լեզուն: Ի՞նչ են այն գործընթացները, որոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ կասեցնել լեզուի անկումը եւ հանել այդ լեզուն «մահուան սնար»էն:
Մե՜ծ մե՜ծ բառեր չնտելու կամ աստ ու անդ մեղադրանքներ չբաշխելու համար մեր լեզուն գէթ սփիւռքի մէջ ունի մէկ ճանապարհ: Ապահովել արդիական նոր վարժարաններու կառուցում, որոնց հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ ազգային կրթութեան ջամբումը եւ լեզուի նուիրականցումը: Հայ մարդ ու մտաւորական կերտելու ամրոցներ պիտի ըլլան այդ դպրոցները: Ու այս առաջարկը երազային չէ:
Այս ժողովներուն մեծ- մեծ բառերով ելոյթ ունեցողները առնուազն կոչուած են այդ մասին խորհելու:
Լեզուն վերացական էութիւն մը չէ: Լեզուն միս ու ոսկոր է : Լեզուն մենք ենք եւ այն հարիւր- հազարները, որոնք պիտի ապրին, մեծնան, կազմաւորուին ու «ըլլան» անով:
Լեզուի այդ կարեւոր ամրոցներէն մին Կիպրոսի «Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն»ն , որուն դռները փակ են այսօր եւ որուն զանգերը արդէն տաս եւ աւելի տարիներ լռութեան մատնուած են: Լռութեան մատնուած են հայերու ձեռքով:
Կը հաւատամ, որ աստ ու անդ ժողովներու մասնակցող մեր մտաւորականները այս մասին պիտի խորհին:
Որովհետեւ լեզուն միս ու արիւն, մարմին ու ոսկոր ունեցող , հայերէն խօսող, հայերէն մտածող ու հայերէնով ապրող տղոց եւ աղջիկներու հաւաքականութիւնն է: Լեզու ըսելով մենք պէտք է հասկնանաք դպրոց, հայկական դպրոց:
Խմբագիր