Ատրպէյճանը պատրաստ է համագործակցելու Հայաստանի հետ երկու կողմէն անհետ կորսուած անձանց որոնման հարցով։
Այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի գերիներու եւ անհետ կորսուածներու հարցերով աշխատանքային խումբի պետական յանձնաժողովի ղեկավարի տեղակալ Էլտար Սամետովը:
Նշենք, որ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի տուեալներով` հայ–ատրպէյճանական հակամարտութեան` 2020-2022 թուականներու սրացումներու հետեւանքով Հայաստանէն 303 անձ դեռ կը համարուի անհետ կորսուած։