image

Պաքուն համաձայն է՞ հրադադարի

 Պաքուն համաձայն է՞ հրադադարի

 Սահմանին հրադադար պիտի հաստատուի։

 Տեղեկութիւնը հաստատուած է նաեւ    Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը, ուր կը խօսուի Ռուսաստանեան նախաձեռնութեան մասին։ 

  Կը նշուի, որ հրադադարը ընթացք պիտի առնէ այսօր առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ։

 

 Յիշեցնենք, որ թշնամին հերթական սադրանքով մը փորձած է առաջանալ Սոթք- Վերին Շորժա հատուածներու ուղղութեամբ։

 Հայկական կողմը  հերոսաբար պաշտպանած է իր դիրքերը, որուն հետեւանքով ալ տալով 3  զոհ եւ 2 վիրաւորեալներ։

 

Այս բոլորը կը գրանցուին օրերս Մոսկուայի մէջ նախատեսուած բանակցութիւններուն ընդառաջ։ 

 

 Նշենք նաեւ, որ հակառակ    հրադադարի  մասին խօսքերուն Ատրպէյճանեան բանակը  կը շարունակէ իր կրակահերթերը  հայկական  6     շէներոու ուղղութեամբ։